Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Տինքի Այրիին եւ Հիմնադրամի Փաստաբանին Սպառնալու Համար 2 Անձերու Դէմ Ամբաստանագիր

Տինքի Այրիին եւ Հիմնադրամի Փաստաբանին Սպառնալու Համար 2 Անձերու Դէմ Ամբաստանագիր

by MassisPost

Հրանդ Տինք հիմնադրամի ելեկտրոնային հասցէին մահուան սպառնալիքներ պարունակող նամակներ ուղարկելու առընչութեամբ կալանաւորուած երկու անձերուն նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի քննութիւնը աւարտած է: «Անատոլ» գործակալութեան հաղորդումով, Պոլսոյ հանրապետական դատախազութեան կողմէ կասկածեալ Հուսեյին Աթեշին եւ Էրսին Պաշքանին մեղադրանք առաջադրուած է սպառնալիք ուղարկելու յօդուածով:

Հիմնադրամի աշխատակիցներէն 9 անձ, անոնց կարգին՝ Տինքի այրին՝ Ռագել Տինքը, եւ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինը ճանաչուած են տուժող:

Հուսեյին Աթեշը Մայիս 27-28-ին ելեկտրոնային փոստով, ապա Instagram-եան հրապարակման տակ թողած մեկնաբանութեամբ երեք անգամ մահուան սպառնալիքներ ուղղած է հիմնադրամի աշխատակիցներուն, փաստաբաններուն եւ անձամբ Ռագել Տինքի հասցէին: Անոր համար դատախազութիւնը 7 տարի 6 ամիսէն մինչեւ 26 տարի 3 ամիս ազատազրկում պահանջած է: Միւս կասկածեալ Էրսին Պաշքանին 2 տարի 6 ամիսէն մինչեւ 8 տարի 9 ամսուայ ազատազրկում կը սպառնայ:

Քրէական գործը պիտի քննէ Պոլսոյ ընդհանուր իրաւասութիւններու 53-րդ դատարանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment