Home Uncategorized Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջութեան Վերջին Տեղեկութիւնները «Քորոնա» Ժահրի՝ COVID-19-ի Մասին

Լոս Անճելըս Գաւառի Հանրային Առողջութեան Վերջին Տեղեկութիւնները «Քորոնա» Ժահրի՝ COVID-19-ի Մասին

by MassisPost

Վերջին 24 ժամուայ ընթացքին մահուան 50 նոր դէպք արձանագրուած է Լոս Անճելըսի գաւառին մէջ, ընդհանուր մահերու թիւը հասնելով 2,290-ի: վարակուածներու թիւը այսօրուայ դրութեամբ հասած է 51,562-ի:

Լա Անճելըսի հանրային առողջութեան վարչութեան եւ շրջակայ միջավայրի առողջութեան մասնագէտ Նոնա Օգանիսեան այսօր մամուլի ամենօրեայ ճեպազրոյցի ընթացքին հայերէնով հաղորդագրութիւն տարածեց՝ կոչ ընելով համայնքին շարունակել հետեւիլ անվտանգ գործելակերպերուն, խուսափելու համար վարակէն:

Նորացուած վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Կլէնտէլ կը շարունակէ մնալ որպէս ամենաբարձր տուժած քաղաքներէն մէկը` 965 դրական COVID-19 դէպքով, մինչ օրս ունենալով 79 մահ: Ամերիկահայերու մեծ թիւով բնակչութիւն ունեցող այլ շրջանները կը ներկայացնեն հետեւեալ պատկերը. Պըրպէնք (395 դէպք), Արեւելեան Հոլիվուտ (225 դէպք), Հոլիվուտ (272 դէպք), Փոքր Հայաստան (194 դէպք), Մոնթեպելլօ (381 դէպք), Հիւսիսային Հոլիվուտ (686 դէպք), Նորթրիճ (329 դէպք), Փասատինա (911 դէպք), Սանլէնտ (148 դէպք) եւ Թահունկա (122 դէպք):
Քաղաքներու մէջ արձանագրուած դէպքերու ամբողջական ցուցակի համար այցելեցէք. http://publichealth.lacounty.gov/media/Coronavirus/.

Լոս Անճելըս քաղաքը անվճար COVID-19 քննութիւն կը տրամադրէ Լոս Անճելըսի բոլոր բնակիչներուն անկախ անոր որ, ախտանշան ունին թէ ոչ:

Այսօրուընէ սկսեալ վերաբացման նոր արտօնութիւններ կը տրուին: Հաւատքի վայրերը կրնան կրօնական արարողութիւններ կատարել ներկաներու թիւը սահմանափակելով շէնքի կարողութիւններու 25%-էն պակաս, կամ առաւելագոյնը 100 հոգի:

Բոլոր մանրածախ խանութները, ներառեալ փակ եւ բաց մանրածախ առեւտուրի կեդրոններու (Mall-երու) մէջ տեղակայուածները, այժմ կրնան բացուիլ`50% հզօրութեամբ:

Փողոցային շուկաները, շարժապատկերի սրահները կրնան վերսկսել աշխատանքը 50% հզօրութեամբ:

Այժմ կրնան բացուիլ լողաւազանները, տաք լոգարանները եւ սաունաները, որոնք կը գտնուին բազմաբնակարան շէնքերու կամ տանտէրերու համայնքային բնակավայրերու մէջ:

Հիմնական, յատուկ ուղեցոյցներուն հետեւելով կը բացուին մազերու կան գեղեցկութեան սրահները եւ ճաշարանները:

Վերաբացման բոլոր մանրամասնութիւններուն կարելի է ծանօթանալ այցելելով http://publichealth.lacounty.gov/media/Coronavirus/ կայքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment