Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Կառավարութիւնը Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Մէկ Ամիսով Երկարաձգեց Արտակարգ Դրութիւնը

by MassisPost

Արտակարգ դրութիւնը եւս 30 օրով երկարաձգուեցաւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան Մայիս 14-ի նիստի ժամանակ յայտարարեց, թէ ստիպուած են կիրառել այս քայլը, քանի որ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու աճով պայմանաւորուած գուցէ շատ որոշակի գործողութիւներու անհրաժեշտութիւն զգացուի։

Այպսիսով, Մարտ 16-ին յայտարարուած եւ մինչեւ Մայիս 14-ը երկարաձգուած արտակարգ դրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Յունիս 13-ը։

«Մենք ինչքան մտածեցինք, որ բոլոր հնարաւոր պարագաներն այլ գործիքներով փորձենք կառավարել, բայց կայ մի պարագայ, որն իրականացնելու համար կարծես թէ միայն արտակարգ դրութեան գործիքն է կիրառելի: Դա այն դէպքն է, երբ  որոշակի բնակավայր անհրաժեշտ է փակել, մուտքը եւ ելքն այդ բնակավայրից արգելել, դա հնարաւոր է արտակարգ դրութեան պայմաններում միայն, բայց ընդհանրապէս կարող են լինել այնպիսի զարգացումներ, մասնաւորապէս` պարէտատան գործունէութիւնը եւ որոշակի կանոններ թելադրելու համար»,- ըսաւ վարչապետը:

Սահմանափակումներու ռեժիմը կը մեղմանայ, դեռ մանրամասնութիւններ չեն նշուիր։ Այդուհանդերձ չեն բացառեր, գուցէ ստիպուած ըլլան նորէն վերադառնալ խստացումներուն, օրինակ՝ եթէ հիւանդանոցները այլեւս տեղ չմնայ օգնութեան կարիք ունեցող վարակակիրները ընդունելու համար.- «Եթէ պարզուի, որ ունենք աւելի քան 1500 հիւանդ, ովքեր ունեն բժշկական որոշակի անհրաժեշտութիւն, բուժման անհրաժեշտութիւն, եւ մենք արդէն անխուսափելիօրէն մօտենալու ենք այդ թուին եւ անցնելու ենք, մենք ստիպուած կը լինենք, ուղղակի ուրիշ տարբերակ չենք ունենայ, քան վերադառնալ սահմանափակումների ռեժիմին»:

Պարէտատունը կը քննարկէ նաեւ փակ եւ բաց տարածքներուն մէջ պարտադիր դիմակ կրելու հարցը.- «Այն պայմանները, որոնք կը սահմանի պարէտատունը, դրանց կիրառման նկատմամբ պէտք է շատ խիստ լինել, եւ այդ պատասխանատուութիւնն ընկնում է առաջին հերթին ՀՀ ոստիկանութեան վրայ: Երէկ ոստիկանապետի հետ այս թեմայով մենք քննարկում ունեցել ենք, ցաւօք, նախկին շրջանում մենք վստահ չենք, որ այն սահմանափակումները, որոնք սահմանել էր պարէտատունը, պատշաճ խստութեամբ կիրառուել են»,- շեշտեց Նիկոլ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment