Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Զօրավարժութիւնը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Զօրավարժութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէն տարածաշրջանին անվտանգային միջավայրը սրող զօրավարժութեան իրականացումը: Այդ մասին ըսուած է հարեւան երկրի մէջ Մայիս 18-22-ին միջեւ նախատեսուած մարտավարական լայնածաւալ զօրավարժութեան վերաբերեալ ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան յայտարարութեամբ:

«Յատկանշական է, որ զօրավարժութիւնն ունի բացառապէս յարձակողական բնոյթ, որի ընթացքում խաղարկուելու են հրթիռահրետանային, օդային, գերճշգրիտ սպառազինութեան զանգուածային հարուածներ հակառակորդի խորութեամբ», – նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն), ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնէ այն հանգամանքը, որ «Ատրպէյճանում կայանալիք լայնածաւալ զօրավարժութիւնը, ձեւաւորուած աւանդոյթի համաձայն, տեղի է ունենում առանց նախնական ծանուցման, ինչը վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջոցառում հանդիսացող 2011 թուականի Վիեննայի փաստաթղթի անտեսման եւ կոպիտ խախտման հերթական դրսեւորում է»:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կը շեշտէ, որ զօրավարժութիւնը «տեղի է ունենալու համաշխարհային մարտահրաւէրի՝ COVID-19 համավարակի դէմ միասնական գործողութիւններով պայքարելու անհրաժեշտութեան պայմաններում եւ ի հեճուկս ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ համաշխարհային զինադադարի հաստատման կոչին»:

«Կոչ ենք անում Ատրպէյճանական կողմին զսպուածութիւն դրսեւորել եւ յարգել միջազգային հանրութեան առջեւ ստանձնած յանձնառութիւնները: Միաժամանակ տեղեկացնում ենք, որ զօրավարժութիւնների ընթացքում Հայաստանի հետ պետական սահմանին կամ Արցախի հետ շփման գծին ռազմական տեխնիկայի եւ կենդանի ուժի ցանկացած մօտեցման փորձ կը դիտուի որպէս սադրանք եւ կ’ունենայ համապատասխան հետեւանքներ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment