Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ապրիլ 24-ը եւ Պսակաձեւ Ժահրը

Ապրիլ 24-ը եւ Պսակաձեւ Ժահրը

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրը (Corona Virus), գործած աւերներու կողքին, ունի նաեւ դրական կողմ մը՝ արծաթեայ աստառ (silver lining) մը, որ մեզ կը մղէ խորհրդածել առօրեայ եւ ընթացիկ մտածելակերպէ դուրս գալու անհրաժեշտութեան մասին:

Մեզմէ շատերուն համար սովորական երեւոյթ դարձած էր Ապրիլ 24-ի առթիւ ցոյցի կամ քայլարշաւի մասնակցիլ եւ հսկումի կամ հաւաքի մը ներկայ գտնուիլ: Երբ այս տարի պսակաձեւ ժահրը մեզի կ’արգիլէ սովորական դարձած այդ արարքները ընելէ, մեզի ինքնաբերաբար կը մղէ մեր Եղեռնի զոհերու յիշատակը յարգելու նոր միջոցներու որոնման: Որ իր կարգին դուռ կը բանայ ոչ միայն նոր դիտանկիւններէ զննելու հարցը, այլ ընթացիկէն անդին, խորանալու եւ մտնելու տարագիրներու հոգեվիճակին մէջ: Բայց պայմանաւ, որ հոն չընկղմինք, այլ սարսափի թողած ազդեցութեւն տակ, մեր մէջ ամրակայուի անգամ մըն ալ նոյն ճակատագրին չենթարկուելու վճռականութիւնը:

Երբ կը յաջողինք այդ ընել, մեր մտածելակերպը օժտած կ’ըլլանք գեղեցիկին, բարիին,  վսեմին ու լաւին ձգտելու յաւելեալ ուժականութեամբ եւ վեհութեամբ: Որ բնականաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր անհատական թէ համայնքային կեանքի դրսեւորման մէջ:

Պիտի սկսինք մեզ իրարմէ բաժնող երեւոյթներու վրայ անդրադառնալէ աւելի, կեդրոնանալ մեզ իրար միացնող երեւոյթներու վրայ: Որ ինքնաբերաբար պիտի զօրացնէ մեր հաւաքականութիւնը:

Պիտի սկսինք մեր ցաւը մեզի պահելէ անդին, այլ հաւաքականութիւններու ներդրումը շահիլ մեր ցաւի ամօքման գործընթացին, պայմանաւ որ մենք ալ մեր կարգին ցաւակից դառնանք իրենց ցաւին: Որ ինքնաբերաբար պիտի զօրացնէ աշխարհի ժողովուրդներու միջեւ սերտակցութիւնը, որ իր կարգին պիտի նպաստէ բոլորիս սպառնացող վտանգներու վնասազերծման:

Երբ մտովի կը փոխադրուինք Եղեռնի տարիներու ժամանակաշրջանը եւ կը փորձենք դոյզն չափով իսկ պատկերացնել այդ արհաւիրքի մէջէն անցնող մեր մէն մի ազգակիցի մտածումները, անկարելի կ’ըլլայ չսահմռկիլ անոնց ազդեցութեան տակ: Նախ, ամէն գնով կեանքին կառչելու անհաւասար պայքար: Ապա, ողջ մնալէ ետք, կեանքը ապրելու, արժեւորելու պայքար:

Կրնա՞ք պատկերացնել կենաց մահու պայքարի մէջէն անցնողի մը երախտագիտական զգացումները հանդէպ անոր, որուն ընծայած  փրկութեան լաստին շնորհիւ ան կենդանի կը մնայ:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ մեր ազգի ճակատագիրը, եթէ Ամերիկայի Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան (Near East Relief) կոմիտէն չփրկէր տասնեակ հազարաւոր որբերու կեանքը:

Ի՞նչ կրնար ըլլալ մեր ազգի ճակատագիրը, եթէ արաբական աշխարհը փրկութեան օրրան չհանդիսանար Եղեռնէն վերապրած մեր տարագիր ժողովուրդին:

Մեր այս խորհրդածութիւններու գրութեան ժամանակ, պսակաձեւ ժահրը աշխարհի տարածքին խլած է աւելի քան 150,000 կեանք եւ «տնային կալանք»ի ենթարկած աշխարհի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը: Չնչուած են հրապարակային մարդահաւաք միջոցառումներ, որոնց շարքին նաեւ Եղեռնի ոգեկոչման հաւաքներ: Ի տես այս իրավիճակին, Եղեռնի արհաւիրքէն վերապրած աշխարհացրիւ հայ հաւաքականութիւնները ի՞նչպէս կրնան իրենց ցաւի նշման կողքին ցաւակից դառնալ նաեւ իրենց շրջանի հաւաքականութիւններու ցաւերուն: Մենք Եղեռնէն արիւնաքամ չեղանք, շնորհիւ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան հասան մեզի: Ժամանակն է, որ ամէն Ապրիլ 24-ին, աշխարհաձրիւ հայութիւնը նորովի մօտեցումներով եւ լայնածաւալ ու ազդեցիկ քարոզչութեամբ  իր երախտագիտութիւնը յայտնէ իր շրջապատին:

Այսպիսի նորովի մօտեցման մը գեղեցիկ օրինակը տրուեցաւ հինգ տարիներ  առաջ մեկնարկուած Մարդասիրութեան Զարթօնքի համար «Ավրորա» մրցանակով: Միջազգային տարողութիւն ունեցող այս ծրագիրը 2016-էն ի վեր կը պարգեւատրէ անհատներ, որոնք մարդասիրական հիանալի աշխատանք կը տանին աշխարհի տարածքին: Այս մրցանակով կը պատուուի նաեւ հայ ժողովուրդի անունը, որպէս երախտագէտ ժողովուրդ:

Անցեալ ամիս յայտարարուեցաւ, որ Եղեռնի 105-ամեակին առթիւ, 24 Ապրիլ 2020-ին, տեղւոյս Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ), համագործակցութեամբ Ամերիկեան Կարմիր Խաչին, կազմակերպած է արեան նուիրահաւաք մը Փասատինայի իր կեդրոնին մէջ: Յոյսով ենք, որ ՀԿԲՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը կը դառնայ ամէնամեայ աւանդութիւն մը ու կ’որդեգրուի աշխարհասփիւռ հայ հաւաքականութիւններու կողմէ:

Օրեր առաջ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Լոս Անճելոսի Միացեալ Մարմինը, համագործակցութեամբ Ամերիկեան Feeding America հաստատութեան, կազմակերպած է դրամահաւաք, 1,500,000 ճաշ հայթայթելու, ի յիշատակ մեր Եղեռնի նահատակներուն:

Մենք կը հաւատանք, որ այս եւ նմանօրինակ բարեսիրական ծրագիրներով, որոնք կը ներգրաւեն նաեւ ոչ-հայ անձերու եւ կազմակերպութիւներու համագործակցութիւնը, մենք աւելի արդիւնաւէտ ձեւով նշած կ’ըլլանք Եղեռնի զոհերու յիշատակումը, միաժամանակ նպաստելով հայութեան եւ Հայաստանի  անուան մեծարման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment