Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աւելցած Է 50-ով

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աւելցած Է 50-ով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ, Ապրիլ 23-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աւելցած է 50-ով` դառնալով 1523, կը բուժուին 840 մարդ։ Մահուան նոր դէպքեր չկան, մինչեւ այսօր Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրէն 24 մարդ մահացած է ։

Կառավարութեան Ապրիլ 23-ի նիստին, առողջապահութեան նախարար՝ Արսէն Թորոսեան յայտարարեց.- «Կարող եմ ասել, որ ունենք այս պահին ծայրայեղ ծանր 10 հոգի, թոքաբորբով մօտ՝ 230 հոգի, արհեստական օդափոխութեան վրայ` 5 հոգի, նրանցից մէկն է, որ բաւական երիտասարդ է` 27 տարեկան, սակայն ունի քրոնիկ բնածին ծանր հիւանդութիւն: Բժիշկներն ամէն ինչ անում են, որ իրավիճակը կայունացնեն, կարծես թէ յոյսեր կան, որ կը կարողանանք կեանքը փրկել: Մնացած մասով կարող եմ ասել, որ աճի ընթացքը ըստ էութեան մօտաւորապէս նոյնն է, եթէ համեմատում ենք նոր դէպքերի թիւը բաժանած ընդհանուր դէպքերի թուի վրայ»:

Վերջին տուեալներով` ապաքինուած է եւս 26 մարդ, իսկ բուժուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 659:

Նախարարը նկատել տուաւ, որ հաշուի առնելով պարէտի նոր որոշումով թոյլատրուած որոշ տնտեսական գոծունէութեան տեսակները, անհրաժեշտ է, որ քաղաքացիները աւելի զգօնութիւն ցուցաբերեն։ Այսօրուընէ հանուած են սահմանափակումները մշակող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, կապի եւ անշարժ գոյքի հետ կապուած ոլորտներուն։

Պարէտ Աւինեան չի բացառեր, որ յառաջիկային այս ցանկը կը մեծնայ.- «Կարելի է ասել, որ դեռեւս ժահրի տարածման հակումը վերահսկելի է, եւ եթէ նման ձեւով շարունակուի, կարծում եմ` մենք կրկին կը շարունակենք տարբեր տնտեսական գործունէութեան տեսակներ բացել»:

Հանուած է նաեւ միջմարզային տեղաշարժի սահմանափակումը, եւ վերցուած են անցակէտերը: Կը պահպանուին, սակայն, անձերու տեղաշարժի եւ հանրային փոխադրական  սահմանափակումները:

«Օգտագործելու ենք համայնքային սահմանափակումները, եթէ տեսնենք` որեւէ համայնքում բռնկում է տեղի ունենում, եւ ինչպէս եւ խոստացել էինք, փուլային տարբերակով մենք կամաց-կամաց գնում ենք դէպի բացում»,- նշեց նախարարը:

industry

Տնտեսութեան փոխ նախարար՝ Վարոս Սիմոնեան այսօր պարզաբանեց պարէտի որոշումը, որ բաղկացած է քանի մը սիւնակէ, կանաչով նշուած են տնտեսական գործունէութեան թոյլատրելի տեսակները, գործունէութեան արգիլուած տեսակներու շարքին կան նաեւ անոնք, որոնք պարէտին ուղղած դիմում-յայտի հիման վրայ յայտնուած են բացառութիւններու շարքը, օրինակ` հագուստի, կօշիկի, կահոյքի արտադրութիւն,  մարզական ակումբներու գործունէութիւն եւ այլն:

«Ոստիկանութիւնն իրականացնում է վերահսկողութիւն ամբողջ Հայաստանի տարածքում, եւ որոշ կանոնների հետ կապուած վերահսկողութիւնն իրականացուում է Առողջապահութեան եւ աշխատանքի տեսչութեան կողմից»,- նշեց Սիմոնեան:

Գիւմրիի «Լենթեքս» գործարանի գործունէութիւնը բացառութիւններու շարքին է: Գործարանի տնօրէն Կարէն Գոմցեան ըսած է թէ յայտը պարէտատուն ներկայացուցած  են եւ կ’անկալեն որ պատասխան կ’առնեն ու կը սկսին աշխատանքը, քիչ ծաւալներով: Քանի մը օր առաջ առանց պարէտի թոյլտուութեան աշխատանքը 1 օրով վերսկսած ու տուգանուած «Կլորիա» կարի գործարանը կը շարունակէ փակ մնալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment