Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Արդիական Բռնակալը

Արդիական Բռնակալը

by MassisPost

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Մեր տան պատշգամը  նստած՝ հետաքրքրական վէպ մը կը կարդամ: Աշնան բուրմունքը զգալի է օդին մէջ:

Զարմանալի. կատարեալ լռութիւն է ամէն կողմ. երբ, առաջ միայն Կիրակի կամ տօնական օրերուն կ’արժանանայինք այս լռութեան: Փողոցէն հազիւ հատուկենտ ինքնաշարժներ կ’անցնին, կամ ուտելիքի ապսպրանք տանող տղաք իրենց հեծանիւներով. նաեւ մի քանի պարապ հանրաշարժներ: Անցորդներուն թիւը նուազագոյնի իջած է. տեղ–տեղ, հանրախանութներու,  դեղարաններու առջեւ, մարդիկ հերթի կը սպասեն, իրարու միջեւ բաւական միջոց ձգելով: Բոլոր դպրոցները, եկեղեցիները, վաճառատուները,  զբօսավայրերը, հանրային հաւաքավայրերը փակ են:

Քաղաքը տարօրինակ երեւոյթ մը ստացած է, ո՛չ միայն մեր մայրաքաղաքը, այլ բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը. ո՛չ միայն մեր երկիրը,  այլ 160-է աւելի երկիրներ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, ընդգրկելով անխոցելի կարծուած գերպետութիւններ, զարգացած, հարուստ երկիրներ եւ  անշուշտ՝ խեղճ ու կրակ՝ աղքատներ:

Այսօր՝ ամբողջ աշխարհ ենթարկուած է միահեծան, անգութ բռնակալի մը քմահաճոյքին, «Քորոնա վիրուս» կոչուած թագակիր  ժահրին, որ առաջին անգամ Չինաստանի մէջ իր յայտնուելէն ի վեր՝ խլած է հազարաւոր կեանքեր եւ կը շարունակէ խլել, հակառակ իր դէմ տարուող ահաւոր պայքարին բժիշկներու եւ գիտնականներու կողմէ,  կասեցնելու համար իր մահաբոյր յառաջխաղացքը:

Ըստ երեւոյթին՝ամենէն արդիւնաւէտ  եւ պարզ միջոցը կանխարգելու համար անոր շրջագայումը, տունը մնալն է: Եւ բոլոր կառավարութիւնները  կը հրահանգեն դուրս չելլել, բացի անհրաժեշտ պարագաներէ:

Օրական քսանչորս ժամ՝ տարբեր երկիրներու հեռատեսիլներու կայաններ, ձայնասփիւռ, մամուլ, ընկերային ցանցեր կը խօսին միայն մէկ նիւթի շուրջ՝ համաճարակը:

Մարդիկ արգելափակուած իրենց տուներուն մէջ, դարձան ինքնակամ կալանաւորներ:

Փոքր տարիքի զաւակ ունեցող ծնողներ մատնուած են անել կացութեան: Չեն գիտեր ինչպէս գոհացնել իրենց երեխաները, որպէսզի չզզուին: Ողջ մնան բջիջային հեռախօսները, համակարգիչը, հեռատեսիլը, հիմա վերակենդանացաւ նաեւ մեր օրերու « գլուխ կոտրոց»ը  եւ նմանաձեւ սեղանի  խաղեր:

Եւ անշուշտ՝ անօթութիւնն ու ձանձրոյթը փարատող անբացակայելի հրաշք դեղը,ուտել:

Ուտել ոչ միայն, երբ անօթի ենք, այլ երբ ձանձրացած. հեռատեսիլ դիտելու, կամ կարդալու ատեն, եւ կամ չեմ գիտեր…

Մամաները համով կերակուրներ կ’եփեն, նոր խոհագրեր կը փորձեն, եւ կամ ամենապարզը, հեռախօսին ընկալուչը կը վերցնեն եւ կ’ապսպրեն իրենց սիրած ուտելիքը, կամ անուշեղէնը:

Զոյգերը եւս ամբողջ օրը միասին անցընելով յաճախ կը զուարճանան, զիրար կը վայելեն եւ կամ… կը յոգնին: Երբեմն՝  գորգին տակ պահուըտած  հին  սրտնեղութիւններ, աւելորդ խօսքեր, մոռցուած ոխեր յարութիւն կ’առնեն եւ անտեղի եւ անհեթեթ վէճերու դուռ կը բանան:

Ուսուցիչներ այս նոր պայմաններու բերումով՝ ստիպուած են իրենց աշակերտներուն ելեքտրոնիկ դասեր, պարտականութիւններ ղրկել, զանոնք սրբագրել վերստին ուղարկել, ուրիշ տաղտուկ մը:

Համացանցը, Wi-Fi ծանրաբեռնուած են միլիոնաւոր մարդոց անխնայ գործածութեամբ. Եւ եթէ յանկարծ՝ օր մը դադրի այս հրաշքը  եւ մեզ զրկէ իր բարիքներէն, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք  գոյատեւել:

Ամէն տարիքի, տղամարդ թէ կին, երիտասարդ, պատանի, իրարու պատգամներ կ’ուղարկեն, տեսաերիզներ, կատակներ, սրամտութիւններ եւ անշուշտ կրօնական յորդորներ, գուշակութիւններ, Սուրբ Գիրքէն մէջբերումներ, բժշկական խորհուրդներ, հիւանդութեան ախտանշաններ, նոր պատուաստներու գիւտեր եւ դեռ ինչե՜ր: Ժամանակը այնքան առատ է, որ պէտք է  սպառել:

Այս բոլորը տանելի են, երբ տան մէջ մէկէ աւելի բնակիչ կայ:

Հապա՞ անոնք, որ մինակ կ’ապրին, եւ յատկապէս անոնք, որոնք որոշ տարիքէ մը վեր են եւ աւելի ենթակայ վարակուելուե եւ ոչ ոք ունին:

Մէկ  շաբաթէն աւելի է, որ բոլորս դատապարտուած ենք տունը մնալու եւ տակաւին մի քանի շաբաթ եւս պիտի հանդուրժենք:

Այս առտու,վերի յարկի դրացուհիս վարանումով մեր դուռը զարկաւ, իբր պատրուակ ինձմէ նախորդ օրուան թերթը ուզելով. դէմքը տխուր արտայայտութիւ մը ունէր: Անմիջապէս զինք ներս հրաւիրեցի. կարծես ատոր կը սպասէր, ուրախացաւ: Առաջին անգամն էր, որ մեր տունը կու գար. սուրճ եփեցի եւ սկսանք խմել միասին. դէմքը  պայծառացաւ: Պէտքը կը զգար, մէկուն հետ ըլլալու, դէմ-դիմաց նստելու,  խօսելու եւ լսելու: Մէկ ժամ յետոյ գնաց եւ թերթը մոռցաւ տանելու: Վստահ եմ, որ թերթին պէտք չունէր, այլ մարդու հետ խօսելու պահանջքը կը զգար:

Այս հաղորդակցութեան միջոցներու առատութեան մէջ, մարդիկ մինակութենէ կը տառապին: Անցեալ օր ապշեցայ, երբ կարդացի, որ Ճափոնի եւ Անգլիոյ մէջ տարիքոտ մարդիկ, երբեմն  պզտիկ չարագործութիւններ կ’ընեն, օրինակ հանրախանութին մէջ ուտելիքներ գողնալ, որպէսզի զիրենք ձերբակալեն եւ բանտ տանին եւ հոն խօսակից ունենան: Անշուշտ ասոնք ծայրայեղ պարագաներ են. բայց երեւակայեցէք, թէ  ու՛ր հասեր է մինակութեան գործած աւերը: Ի զուր տեղը չէ, որ Անգլիա ստեղծեց  «Մինակութեան նախարարութիւն»  նկատի առնելով քսանմէկերորդ դարու ընկերային ահաւոր ախտին տարողութիւնը:

Յաճախ՝ գիշերները անկողնիս մէջ մտիկ կ’ընեմ ձայնասփիւռի որոշ կայաններ, ուր խօսնակներուն հետ, մինակ եղող եւ մինակութենէ  փախչող մարդիկ, ընդհանրապէս կիներ, խօսակից կը փնտռեն: Եւ խօսնակը մտիկ կ’ընէ համբերութեամբ, թելադրանքներ կ’ընէ, կամ կը կատակէ եւ ենթական գոհ եւ բաւարարուած՝ շնորհակալութիւն կը յայտնէ: Այս երեւոյթը շատ ընդհանրացած է մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ:

Շուէտի մէջ կը գովաբանեն եւ կը քաջալերեն անկախանալը, որպէսզի  ոչ մէկը միւսէն կախում չունենայ, ո՛չ պատանին ծնողքէն, ո՛չ ալ ծերացած ծնողքը զաւկին բեռ ըլլալու վախը ապրի: Եւ այս բոլորին հետեւանքը կ’ըլլայ հիւանդագին մինակութիւնը,որ յաճախ ողբերգական  վախճան կ’ունենայ:

Ներկայիս՝ այս համաշխարհային  համաճարակը՝ միացած մինակութեան, կրկնակիօրէն տառապալից կը դարձնէ ապրիլը:

Այսօր բազմաթիւ երկիրներ միասնաբար կը դիմադրեն զօրաւոր եւ սպառնացող թշնամիի մը, որ կը յառաջանայ անձայն եւ անշշուկ, իր տիրապետութեան սահմանները ընդարձակելով. փոքրիկ աննշան «վիրուս»ը թագը գլխուն, առայժմ անխորտակելի է եւ տրամադրութիւն չունի անհետանալու:

Կանխազգուշութեան համար, սահմանները գոցուած են բոլոր երկիրներուն միջեւ, նոյնիսկ նոյն երկրի տարբեր նահանգներուն մէջ: Հազարաւոր ճամբորդներ չեն կրնար տուն վերադառնալ:

Ու՞ր մնաց համաշխարհայնացումը:

Կարծես բնութիւնն ալ Քօրոնա վիրուսին դաշնակից եղած է: Ան ալ իր բողոքի ձայնը բարձրացուցած է,  ի տես ագահ մարդուն,որ  սովալլուկ գայլի նման կը յօշոտէ, կը շահագործէ բնութեան տուած անթիւ բարիքները: Ճարտարարուեստի զարգացման հետեւանքով, կլիմային անհամեմատ ջերմացումը կը սպառնայ կարգ մը կենդանիներու գոյութեան, բնապահպանումի համար եղած կոչերը խուլ ականջներու համար են միայն:

Հիմա լսելի է քաղաքին մէջ ծառերուն վրայ թառող  ճնճղուկներուն ճռուողիւնը. օդը զերծ է ապականութենէ: Մարդոց բացակայութիւնը պատճառ եղաւ, որ դրացի  քաղաքին  մէջ, մի քանի վայրի կենդանիներ իրենց որջերէն դուրս ելլեն: Վենետիկի գետին ջուրերը աւելի զուլալ  կը հոսին եւ բադեր, սագեր սկսան անվախօրէն լողալ.ձուկերը կը յանդգնին մինչեւ ծովափ գալ: Բնութեան անմիջական եւ դրական հակազդեցութիւնը որքան զգալի է:

Լռութիւնը, թէեւ տարօրինակ կը թուի քաղաքի մարդուն, բայց  անոր կարիքը շատ կը զգայինք: Ծնողներ յաճախ կը տրտնջային, որ բաւարար ժամանակ չունին իրենց զաւակներուն հետ ըլլալու. այժմ պէտք եղածէն աւելի ունին. թող լաւագոյնս օգտագործեն: Կանուխ արթննալու պատիժէն զերծ են հիմա:

Ընկերութիւն մը, որուն գլխաւոր մտասեւեռումն է մսխումը, ցուցամոլութիւնը, վայելքը,անհանդուրժողականութիւնը, մանաւանդ «ես»ի պաշտամունքը  եւ  ամէն օր գործուող բարոյական  սայթաքումները   եւ  ազատութեան կեղծ պիտակին տակ զանոնք  արդարացնող ու դրուատող խումբերը անցած են այլեւս օրինաչափութեան ներելի սահմանները:

Բայց այսքանով չի վերջանար: Երկրորդ հանգրուանը աւելի ծանր է: Այս պարտադիր «ծուլութիւնը» ձրի չէ. անխուսափելիօրէն պիտի յաջորդէ տնտեսական ծանր տագնապ մը, որ ան եւս համաշխարհային պիտի ըլլայ: Նախագահը քանիցս շեշտեց, որ պատրաստ գտնուինք  գալիք դժուար օրերուն:

Արդեօք ասիկա մեզ զգաստութեան հրաւիրող պատիժ մը չէ՞:

Նախքան այս յօդուածին վերջակէտ դնելս, պարտք կը զգամ երախտագիտութեան տուրքս  վճարելու բոլոր բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ առողջապահութեան մարզին մէջ ծառայողներուն, ինչպէս նաեւ երկրի ապահովութեան ուժերուն, քաղաքի մաքրութեան պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք յաճախ ենթարկուելով վարակումի,նոյնիսկ մահուան վտանգին, ամէն օր սիրայօժար, երկար ժամեր կը յատկացնեն մարդոց անհրաժեշտ խնամքը եւ պէտքերը հոգալու համար:

Յարգանք իրենց:

(Արժանթին)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment