Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընկեր Տանթէ Ասիլեանի Մահը

Ընկեր Տանթէ Ասիլեանի Մահը

by MassisPost

Մեծ կորուստ ունեցան Հարաւային Ամերիկայի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ  նաև այնտեղ գտնուող հայ համայնքները։

Շաբաթ, Ապրիլի 4-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ վախճանեցաւ մտաւորական, ազգային եւ հասարակական գործիչ, փաստաբան՝ Ընկեր Էտուարտօ Տանթէ Ասիլեան։ Ան եղած է բազմաթիւ գիրքերու եւ հետազօտութիւններու հեղինակ, նաեւ հանդէս եկած է դասախօսութիւններով, միշտ առաջին գիծի վրայ ըլլալով, երբ խօսքը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին էր։

Ընկեր Ասիլեան եղած է ՍԴՀԿ պատասխանատու ղեկավար անդամ և  ՍԴՀԿ պատմութեան գիրքի հեղինակը՝ սպաներէն լեզուով։ Ան Նաև եղած  է ՀԲԸՄ-ի անդամ և Միութեան Պուէնոս Այրեսի մասնաճիւղի պատմութեան գիրքի հեղինակը։

Ընկեր Ասիլեանի վերջին գիրքը, որ հրատարակուած էր իր իսկ միջոցներով՝ նուիրուած Արցախեան հակամարտութեան, տակաւին չէր ներկայացուած հանրութեան։

Նկատի ունենալով որ, Քորոնա ժահրի հետ կապուած, Արժանթինի մէջ եւս կը տիրեն արտակարգ պայմաններ, ցաւօք սրտի ընկեր Ասիլեան չունեցաւ կուսակցական թաղում և ժողովրդային յարգանքի մատուցում, որուն արժանի էր ան, սակայն անոր կատարած գործերը պիտի մնան յաւիտեան։

ՌԱՏԻՕ ԱՐԱՔՍ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment