Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Դրամատունը 3 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

Համաշխարհային Դրամատունը 3 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին

by MassisPost

Համաշխարհային դրամատունը (ՀԴ) 3 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Հայաստանին՝ «քորոնա» ժահրի հաստատուած ախտորոշմամբ անձերուն անմիջական բուժօգնութեան համար անհրաժեշտ սարքերու եւ պարագաներու ձեռքբերման հրատապ կարիքները բաւարարելու համար։

«Արձագանգելով COVID-19 համավարակի արագ տարածման աշխարհի եւ վերջերս նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Համաշխարհային դրամատունը կ՝աջակցի «քորոնա» ժահրի բռնկման ընթացքին բնակչութիւնը պաշտպանելու ՀՀ կառավարութեան ջանքերուն։ ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան խնդրանքով՝ Համաշխարհային դրամատունը 3 միլիոն տոլար յատկացուցած է Հայաստանին՝ «քորոնա» ժահրի հաստատուած ախտորոշմամբ անձերուն անմիջական բուժօգնութեան համար անհրաժեշտ սարքերու եւ պարագաներու ձեռքբերման հրատապ կարիքները բաւարարելու համար։ Այս միջոցները պիտի օգնեն «Հիւանդութիւններու կանխարգիլում եւ վերահսկում» ընթացիկ ծրագիրին ծիրէն ներս ձեռք բերելու թոքերու արհեստական օդափոխութեան 50 սարք՝ 1,35 միլիոն տոլար արժողութեամբ։», – ըսուած է Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:

Գնումը պիտի իրականացուի արտակարգ իրավիճակներու մէջ Համաշխարհային Դրամատան արագացուած ընթացակարգերու կիրառումով։ «Համաշխարհային դրամատան տրամադրած նեղ մասնագիտական փորձագիտութեան շնորհիւ կատարուած է շուկայի արագ վերլուծութիւն՝ բուժսարքերու համաշխարհային առաջարկի խիստ կրճատման եւ աճող գիներու պայմաններուն մէջ «արժէք դրամի դիմաց» սկզբունքը ապահովելու նպատակով։ Իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի առողջապահական համակարգը պիտի զինուի լրացուցիչ բարձրորակ սարքերով, որոնք անհրաժեշտ են «քորոնա» ժահր հիւանդութեան աւելցող հաստատուած դէպքերու բուժման համար։», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Այս յանկարծահաս իրավիճակին մէջ՝ Դրամատունը պատրաստ է աջակցելու համավարակի ազդեցութեան մեղմացման նպաստելու Հայաստանի արձագանգին», – նշած է Համաշխարհային Դրամատան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն։ «Կ՝ուզեմ բարձրաձայնել Հայաստանի բուժաշխատողներու աննախադէպ նուիրումը՝ ի պաշտպանութիւն բնակչութեան։ Նաեւ կը յորդորեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ ամենայն խստութեամբ հետեւելու արտակարգ իրավիճակի կանոններուն եւ պահպանելու հասարակական հեռաւորութիւնն ու կատարելու մեկուսացման քայլերը, որոնք ուղղուած են համավարակի ազդեցութեան փոքրացման»։

Քանի որ երկիրները աւելի ընդգրկուն աջակցութեան կարիք ունին, Համաշխարհային Դրամատան խումբը՝ 15 ամսուան ընթացքին՝ 160 միլիառ տոլար պիտի ներգրաւէ աղքատ ու խոցելի խաւը պաշտպանելու, գործարարութիւններուն աջակցելու եւ տնտեսութեան վերականգնման օժանդակելու համար, նաեւ նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment