Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներու Աշխատանքի Վերաբերեալ Նոր Փոփոխութիւնները Արդէն Բաւարար են. Աշոտ Մելիքեան

Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներու Աշխատանքի Վերաբերեալ Նոր Փոփոխութիւնները Արդէն Բաւարար են. Աշոտ Մելիքեան

by MassisPost

Արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն մէջ, մարդոց տեղաշարժի սահմանափակումները կը խստանան, իսկ լրատուամիջոցներու համար նախատեսուած արտակարգ սահմանափակումները, ի պատասխան լրագրողական ու իրաւապաշտպան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու յորդորներուն, կը մեղմանան։ Միայն պաշտօնական տեղեկատուութիւն հրապարակելու պահանջը, անհիմն ու ոչ ողջամիտ համարած էին շարք մը լրատուամիջոցներու ղեկավարներ, նաեւ միջազգային կառոյցներ։

Կառավարութեան նոր որոշումով, լրատուամիջոցները արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ գործելու ազատութիւն ստացած են։ Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի (ԽԱՊԿ) ղեկավար Աշոտ Մելիքեան ըսած է, որ այս փոփոխութիւնները բաւարար են:

«Այսուհետ հայաստանեան լրատուամիջոցները կարող են իրենց աղբիւրներից հայթայթել տեղեկութիւններ «Քորոնա» ժահրի հետ կապուած, այն խնդիրները, որոնք առաջացել են, լուսաբանել, միայն թէ դա պէտք է պարէտատան մեկնաբանութիւնով հրապարակել», – նշեց Մելիքեան:

Այժմ լրատուամիջոցները «Քորոնա» ժահրի վարակի վերաբերեալ կրնան սեփական տեղեկութիւններ կամ յայտնաբերուած խնդիրներ հրապարակել, բայց եթէ պարէտատունը հերքած է կամ պարզաբանած, այդ ալ պէտք է հրապարակեն:

Օտար լրատուամիջոցներու կողմէն «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերաբերեալ հրապարակուած նիւթերը արտատպել կարելի է: Մինչեւ այսօր 20-էն աւելի լրատուամիջոցներէ, ոստիկանութիւնը պահանջած է զեղչել այս կամ այն հրապարակումը։ Աշոտ Մելիքեան ըսաւ, որ կը պատրաստուին հարցումներ ուղարկել թ՛է ոստիկանութիւն ու թ՛է պարէտատուն, ճշդելու արդեօք կան տուգանքի ենթարկուած լրատուամիջոցներ։

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավարը կը իւսայ, որ այս զգայուն փուլին կեղծ տեկատուութեան հոսք չսկսի։ Ան կը կարծէ, որ պաշտօնական լրահոսը եւ որակեալ լրատուամիջոցներու աշխատանքը կը ստիպէ, որ կեղծ լուրերը արագօրէն մեռնին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment