Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Հաստատեց Հակաճգնաժամային Գործողութիւններու Հինգ Փաթեթ Եւ Գործողութիւններու Մէկ Ծրագիր

Կառավարութիւնը Հաստատեց Հակաճգնաժամային Գործողութիւններու Հինգ Փաթեթ Եւ Գործողութիւններու Մէկ Ծրագիր

by MassisPost

Գործադիրը հաստատեց նոր «Քորոնա» ժահրի տարածման հետ պայմանաւորուած հակաճգնաժամային գործողութիւններու հինգ փաթեթ եւ գործողութիւններու մէկ ծրագիր:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յստակացուց, որ նպատակը ոչ թէ գոյապայքարն է, այլ զարգացումը. – «մենք այս ծրագրով ուզում ենք ոչ միայն աջակցել մեր տնտեսութեան մրցունակ հատուածին եւ աջակցել ընկերային առաջին հարուածը ստացած եւ հարուածներ ստացած մեր խաւերին, այլեւ շատ կարեւոր է, որ այս փաթեթի խորքային նպատակը մեր տնտեսութեանը, հանրութեանը, մեր քաղաքացիներին ետ«Քորոնա» ժահրի ժամանակաշրջանում մրցունակ տնտեսութիւն եւ մրցունակ գործունէութիւն կառուցելու նախապատրաստելը եւ տրամադրելն է: Էս օրակարգը ոչ մի պարագայում, զարգացման որեւէ սցենարի դէպքում մենք չպէտք ա մոռանանք: Մենք աւանդական գոյատեւման տրամաբանութիւնից պէտք է տեղափոխուենք զարգացման, ուժեղացման, մեր երկրի մրցունակութեան բարձրացման տրամաբանութիւն: Եւ էս օրակարգը չպէտք ա կորցնենք նոյնիսկ ամենաօրհասական պահերին»:

Շահառուներու ընդգրկման առումով ամենալայն գործիքակազմը ունի առաջին միջոցառումը, որ կ’ենթադրէ մինչեւ 500 մլն դրամ աջակցութիւն վերջին մէկ տարուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ գործող բոլոր իրաւաբանական անձերու եւ անհատ ձեռներէցներու համար:

«Այս եղանակով տրուած ֆինանսական աջակցութիւնը կարող է օգտագործուել, եթէ, առաջին, կազմակերպութիւնը այդ միջոցները վերցնում է, որպէսզի վճարի աշխատակիցներին աշխատավարձ երեք ամիսների համար, բայց ոչ աւելի, քան իւրաքանչիւր աշխատակցի համար 500 հազար դրամ: Երկրորդ, այս միջոցներն օգտագործում է Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ունեցած, տեղական ինքնակառավարման մարմինների կամ պետական պիւտճէի նկատմամբ ունեցած հարկային պարտաւորութիւնները սպասարկելու կամ կատարելու համար: Երրորդ, եթէ այս միջոցներն օգտագործելու է այնպիսի հումք ձեռք բերելու համար, որը պէտք է օգտագործուի Հայաստանի Հանրապետութիւնում իր արտադրութիւնը սպասարկելու նպատակով: Եաջորդը, եթէ այնպիսի սարքաւորումներ է ներկրում, որոնք պէտք է օգտագործուեն իր արտադրական նպատակներով, եթէ վճարում է համայնական ծառայութիւններ: Ըստ էութեան, մենք առեւտրային գործունէութեան համար մէկ ոլորտ ենք թոյլ տուել, որ օգտուի այս աջակցութեան եղանակից. եթէ սննդամթերք է ներկրուում այդ կազմակերպութեան կողմից, որը դիմել է վարկով աջակցելու համար», – մանրամասնեց Էքոնոմիքային (տնտեսութեան) նախարար Տիգրան Խաչատրեան:

Վարչապետը յանձնարարեց, որ բոլոր ծրագիրներով նախատեսուած միջոցները յաջորդ չորեքշաբթի օրուընէ, 1 ապրիլէն սկսեալ պէտք է շրջանառութեան մէջ ըլլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment