Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հանրապետութեան Նախագահը ու Երեւանի Քաղաքապետը Երկիրը Չեն Լքած

Հանրապետութեան Նախագահը ու Երեւանի Քաղաքապետը Երկիրը Չեն Լքած

by MassisPost

Համացանցի միջոցով կը շարունակուին ոչ ճշգրիտ տեղեկութիւններ շրջանառուիլ, տարբեր պաշտօնեաներու երկիրը լքելու մասին: Խօսքը, այս անգամ, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի մասին է: Մամուլի մէջ տարածուած էին գրառումներ, թէ արտակարգ իրավիճակի պայմաններու մէջ վերջինս լքած է երկիրը:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ին, տեղեկութիւնը ստուգելու համար, Տեղեկատուութեան ստուգման կեդրոնը կապ հաստատեց Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հետ, որոնք յայտնեցին, որ Արմէն Սարգսեան չէ լքած երկիրը եւ այժմ կը գտնուի իր աշխատասենեակը:

Օրեր շարունակ կը խօսուէր նաեւ այն մասին, թէ խուճապային տրամադրութիւններէն յետոյ Հայաստանը լքած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանը: Այս լուրը նոյնպէս հերքուեցաւ: Քաղաքապետ Մարութեանը յայտնեց, որ 2020 թուականի ընթացքին երկրէն չէ բացակայած, իսկ վերջինիս երկքաղաքացի ըլլալու լուրը կեղծ է: Ան նաեւ հանդէս եկաւ ուղերձով մը արտակարգ դրութեան վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ կը խօսուէր նաեւ, թէ Քաղաքացիական օդագնացութեան վարչութեան պետ Տաթեւիկ Ռեւազեանը Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով լքած է երկիրը ու տեղափոխուած Դանիա: Սակայն պարզուեցաւ, որ Տաթեւիկ Ռեւազեան, յղիութեան առիթով այժմ արձակուրդի մէջ է եւ մեկնած Դանիա ընտանիքին կողքին ըլլալու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment