Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քորոնա» Ժահրի Եւս 14 Դէպք Հայաստան, Ընդհանուր Թիւը Հասնելով 78-ի

«Քորոնա» Ժահրի Եւս 14 Դէպք Հայաստան, Ընդհանուր Թիւը Հասնելով 78-ի

by MassisPost

Հայաստան հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի նոր  14 դէպք, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ մեկուսացուած էին, իսկ միւսներու շփման շրջանակը կը պարզուի: Այս մասին կը յայտնէ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Անոնցմէ մէկը փոխկապակցուած է «Էջմիածնի» դէպքին հետ, իսկ միւս 7-ը` «արտադրամասին»: Հանրագումարով, այս պահուն ունինք հաստատուած 78 դէպք, որոնցմէ մէկը առողջացած է։

Յիշեցնենք, որ կառավարութեան որոշումով 16 մարտի 18։30-էն մինչեւ 14 ապրիլի 17։00-ն, այսինքն մէկ ամիս ժամկէտով, Հայաստանի մէջ յայտարարուեցաւ արտակարգ դրութիւն, նպատակ ունենալով հանրապետութեան մէջ խոչընդոտել նոր «Քորոնա» ժահրին հիւանդութեան (COVID-19) տարածումը։

2000-էն Աւելի Կամաւոր Արձագանգած է Առողջապահութեան Նախարարութեան Կոչին
Առողջապահութեան նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան վերաբերեալ տարատեսակ միջոցառումներ իրականացնելու նպատակով, կամաւորներու հաւաքագրման յայտարարութեան ազդու ու սրտցաւ արձագանգին համար:

Արդէն իսկ գրանցուած են 2000-էն աւելի մարդ, յայտնելով իրենց պատրաստակամութիւնը նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու:

Այսպիսով, ներկայիս ունինք կամաւորներու բաւարար տուեալներ, որու համար ժամանակաւորապէս կը դադրեցնենք նոր կամաւորներ ընդգրկելու մեր խնդրանքը, կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment