Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Կը Պահանջէ Միջոցներ Ձեռնարկել Լրատուամիջոցներու Իսկական Սեփականատէրերը Բացայայտելու Ուղղութեամբ

Փաշինեան Կը Պահանջէ Միջոցներ Ձեռնարկել Լրատուամիջոցներու Իսկական Սեփականատէրերը Բացայայտելու Ուղղութեամբ

by MassisPost

«Այսօր Հայաստանում կան քորուփցուածներու հեռուստաընկերութիւններ, եւ հայաստանեան լրատուամիջոցների իրական սեփականատէրերի անունները պէտք է յայտնի լինեն հանրութեանը»,-կառավարութեան նիստին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ յիշեցնելով իր գլխաւորած իշխանութեան դէմ տարուող տեղեկատուական պատերազմի մասին։

Վարչապետի խօսքով, անշուշտ, առաջին հերթին պէտք է թափանցիկ գործէ կառավարութիւնը, եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գնհատմամբ՝ նախորդ մէկ ու կէս տարուան ընթացքին թափանցիկութեան բարձրացման առումով Հայաստանի կառավարութիւնը «ահռելի քայլեր» կատարած է, որ արժանացած է միջազգային հանրութեան յստակ գնահատանքին. – ««Միջազգային հանրութիւնն այսօր արդէն սա շատ յստակ գնահատում է: Հետեւաբար մենք պէտք է կատարենք նաեւ յաջորդ քայլը. մեր երկրում նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ լրատուամիջոցները պէտք է լինեն թափանցիկ՝ սկսած իրական սեփականատէրերի թափանցիկութիւնից: Օրինակ, այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնում կան յստակ անձանց սեփականութիւնը հանդիսացող հեռուստաընկերութիւններ: Նոյնիսկ կ’ասէի, Հայաստանի Հանրապետութիւնում ժողովրդավարութեան մակարդակն այնքան բարձր է, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնում նոյնիսկ քորուփցիոներների  հեռուստաընկերութիւններ կան: Առնուազն 2 հեռուստաալիքի լոկոյի տեղը կարելի է գրել՝ «Քորուփցիա» կամ «Քորուփցիա կրուփ»»:

Փաշինեանը չէ մանրամասնած, թէ որ հեռուստաընկերութիւնները նկատի ունի։

«Անկեղծ ասաց, մեր ժողովուրդը մեզ դրա համար շատ է մեղադրում, բայց ես առանձնապէս դժգոհ չեմ այդ իրավիճակից, որովհետեւ կարծում եմ՝ նախ այդպիսի հեռուստաընկերութեան գործունէութիւնը մեզ համար ոչ միայն հիմնական քորուփցիոներների շրջանակն է բացայայտում, այլեւ նրանց շօշափուկների։ Յետագայում, կարծում եմ, մեր աշխատանքը քորուփցիայի դէմ պայքարի առումով բաւականին հեշտացնում է», – շարունակած է վարչապետը։ – «Եւ երկրորդը՝ այն լրատուական պատերազմը, որ մեր կառավարութեան եւ ժողովրդի դէմ տարւում է, առաջին հերթին կառավարութեան դէմ, մեզ օգնում է, որպէսզի մենք անընդհատ մեր աշխատանքի որակն աւելի ու աւելի բարձրացնենք: Բայց միւս կողմից ես առաջարկում եմ գնալ այն ճանապարհով, որ իրական լոկոները գրուեն հեռուստաընկերութիւնների վրայ»:

Դիմելով Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանին՝ Նիկոլ Փաշինեանը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք կառավարութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկային լրատուամիջոցներու իրական սեփականատէրերու բացայայտման մեխանիզմներ ներդնել։ Նախարարն արձագանգած է, թէ պիտի ներդրուի այնպիսի մեխանիզմ, որ թոյլ կու տայ տեղեկանալ ոչ միայն լրատուամիջոցներու, այլեւ այլ ոլորտներու մէջ (օրինակ, հանքարդիւնաբերական) ձեռնարկութիւններու իրական սեփականատէրերու մասին։

Այս թեման ծագած էր կառավարութեան այն  որոշումէն ետք, որ՝  26 միլիոն դրամ յատկացուի Լոնտոնի ու Տուպայի մէջ գրասենեակներ ունեցող «3m3a» ընկերութեան` հաշուեքննութեան ենթարկելու համար Հայաստանի մէջ հեռուստաչափումներ իրականացնող «Աթմոսֆիր Արմենիա» կազմակերպութեան, այսինքն պարզել, թէ որքանո՞վ միջազգային չափանիշներուն կը համապատասխանէ «Աթմոսֆիր Արմենիա»-ի կողմէ հայաստանեան թուային հեռուստատեսութեան լսարանի ուսումնասիրութիւնն ու հեռուստաչափումները։

Թեմային անդրադարձած են նաեւ Ազգային ժողովէն ներս, ուր տեսալսողական մետիածառայութիւններու ոլորտի օրէնսդրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ լսումներ կ’ընթանային։

Վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատւութեան կեդրոն» Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան (ՊՈԱԿ)  տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեանն այսպէս ներկայացուցած է խնդիրը. – «Տարիներ շարունակ գովազդի շուկան կեդրոնացուել է եւ գովազդի պիւտճէն կեդրոնացուել է մէկ ընկերութիւնում։ Հիմնական հատուածը գումարի կեդրոնացուել է մէկ ընկերութիւնում, որտեղից էլ բաշխուել է արդէն հեռուստաընկերութիւններին։ Որպէսզի մոտելը պատկերացնէք. փոխկապակցուած ընկերութիւններ երբ որ լինում են, մէկը վարկանիշն է տալիս, միւսը տալիս է գովազդի գումարը, եւ այստեղ կայ նաեւ երրորդ կտորը, որը հեռարձակող ընկերութիւնն է, եւ շատ լուրջ կասկածներ կան, որ այս ընկերութիւններն իրար հետ փոխկապակցուած

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment