Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Ազգային Քոնկրեսը Կոչ Կ’ընէ Սահմանադրական Փոփոխութիւններով Վերականգնելու Կիսանախագահական Մոտելը

Հայ Ազգային Քոնկրեսը Կոչ Կ’ընէ Սահմանադրական Փոփոխութիւններով Վերականգնելու Կիսանախագահական Մոտելը

by MassisPost

Սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջնային խնդիրը պէտք է դառնայ կիսանախագահական կառավարման մոտելի շուտափոյթ վերականգնումը։ Այսպիսի համոզմունք յայտնած է Հայ ազգային քոնկրեսը (ՀԱԿ) հրապարակած յայտարարութեան մէջ։

Նշելով, որ 2019 թուականի Դեկտեմբեր 30-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը որոշում ընդունած է սահմանադրական փոփոխութիւններ նախապատրաստելու նպատակով յանձնաժողով ստեղծելու մասին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի առաջնորդած քաղաքական ուժը հարկ կը համարէ ընդգծել, որ գործող Սահմանադրութիւնը մշակուած է «նախկին ռեժիմի եւ անոր պարագլուխի իշխանութիւնը յաւերժացնելու նպատակով, «ընդունուած է» 500 հազար քուէներու կեղծումով, իսկ քուէարկութեան իրական արդիւնքներով մերժուած է Հայաստանի քաղաքացիներու ճնշող մեծամասնութեան կողմէ, ուստի այն օրինական չէ, եւ կատարուածը մեծագոյն հարուած էր Հայոց պետականութեան հիմքերուն, որու հետեւանքները մինչ այսօր վերացուած չեն»։ «Այն նաեւ կը պարունակէ բազմաթիւ թերութիւններ, որոնք յղի են երկրի բնականոն գործունէութեան խաթարման վտանգներով։ Այս ամէնուն Քոնկրեսը հանգամանալիօրէն անդրադարձած է 2015 թուականին՝ կազմակերպելով ՈՉ-ի արշաւը», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հայ ազգային քոնկրեսը կարեւոր կը համարէ արձանագրել, որ «կառավարման խորհրդարանական մոտելն իրականութեան մէջ Հայաստանի ժողովուրդի կողմէ չէ ընդունուած», եւ որ «խորհրդարանական համակարգը աշխարհի բազմաթիւ ժողովրդավարական երկիրներու մնայուն քաղաքական ճգնաժամի բերած է (Սպանիա, Իսրայէլ, Իտալիա, Պելճիքա եւ այլն, մինչ 1959 թուականին կիսանախագահական համակարգն ընդունիլը, նոյն վիճակն էր Ֆրանսայի մէջ)»։ «Երկարաժամկէտ հեռանկարի համար նաեւ Հայաստանի մէջ այն պիտի առաջացնէ մշտական քաղաքական ճգնաժամեր, պիտի բերէ քաղաքական համակարգի օլիկարխիզացիայի եւ քաղաքական քորուփցիայի ծաղկման», – համոզմունք յայտնած է կուսակցութիւնը։

Հետեւաբար, կը պնդէ ՀԱԿ-ը, «սահմանադրական փոփոխութիւններու առաջնային խնդիրը պէտք է դառնայ կիսանախագահական (նախագահական-խորհրդարանական) կառավարման մոտելի շուտափոյթ վերականգնումը, որ կ’ապահովէ քաղաքական կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ քաղաքական ու տնտեսական համակարգի բարեփոխման ներուժը»։ «Միւս կողմէ, այդպիսով վերջ կը դրուի կառավարման սահմանադրական մոտելի կամայական փոփոխութիւններու փորձին եւ կը վերահաստատուի կառավարման սահմանադրական մոտելի կայունութեան կարեւորագոյն գաղափարախօսութիւնը», – աւելցուցած է ՀԱԿ-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment