Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Կոմիտաս՝ … Հիւսթընի Մէջ

Կոմիտաս՝ … Հիւսթընի Մէջ

by MassisPost

Նուագահանդէս Երաժշտագէտի, Բանահաւաքի Եւ Հայ Ոգիի Վերաստեղծման Ռահվիրայի Ծննդեան 150-Ամեակին Առիթով 

Կոմիտասի անունը մեր ժողովուրդի արդի պատմութեան եւ կեանքի զարգացումին հետ կապուած կառոյցային անուն մըն է, որուն դիմաց ո՛չ միայն ակնածանք, ազգային երախտագիտութիւն եւ ինքնագիտակցութիւն կը զգայ ու կ՛ապրի ամէն  հայ, այլ համամարդկային մշակոյթի փրկարար աշխատանքին եւ պահպանման կարեւորութեան գիտակից ոեւէ երկրամասի պատկանող անհատ Կոմիտասը կրնայ իրը նկատել , եւ ըստ այնմ՝գնահատել անոր կատարած սխրանքը։

Ահա թէ ինչպիսի խորհրդածութիւններէ անցայ Կիրակի 22 Սեպտեմբեր  2019 թուականի կէսօրին , ներկայ գտնուելով Հիւսթընի Սբ. Գեւորգ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին մէջ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած նուագահանդէսին՝ RADIX քառեակի կատարողութեամբ։

Նուագահանդէս մը՝ որ ուշագրաւ էր մի քանի պատճառներով։

Կոմիտասի յիշատակին նուիրուած եւ Եկեղեցւոյ խորանին առջեւ  կատարուած այդ երաժշտական ձեռնարկը խորիմաստ բնոյթ մը եւ տարողութիւն մը ստացաւ աղօթատեղիի խոհրդապաշտ մթնոլորտին մէջ։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած եւ հիանալի ընտրութեան արդիւնք եղող Կոմիտասեան եղանակները աղօթքի նման քուլայ քուլայ խորանէն՝ բարձրացան եւ եկեղեցիի նստարանները գրաւող ստուարաթիւ ներկաներու սրտին եւ հոգիին մէջ տեղաւորուեցան։ Յայտագրին մէջ ընդգրկուած  էին Կոմիտասեան ծանօթ եղանակներ ինչպիսին են, օրինակի համար, «Քելէ , Քելէ», «Չինար ես», «Գարուն ա», «Երկինքն ամպել ա»,«Կռունկ»,«Վաղարշապատի Պար» եւ հոյլ մը այլ եղանակներ։ Քառեակը խոր զգայնութեամբ, եւ կատարողական բացառիկ հմտութեամբ կատարեց իւրաքանչիւր Կոմիտասեան եղանակ, անոր ոգին, մարդկային յուզականութիւնը եւ ազգային բնորոշիչ յատկութիւնները  երեւան բերելով եւ փոխանձելով ներկայ երաժշտասէր հասարակութեան։

Երկրորդ ուշագրաւ պարագան այն էր որ RADIX քառեակը թաւջութակներէ կազմուած խումբ մըն էր ու հետեւաբար երաժշտական մատուցումը իր մարտահրաւէրները ունէր։

Gomidas CoverԻսկ ամէնէն հետաքրքրականը այն էր որ այդ քառեակի չորս անդամներէն երեքը օտարներ էին։ Խումբի պատասխանատու արուեստագիտուհի Յասմիկ Վարդանեանի կողքին, քառեակին մաս կը կազմէին Ուքրանացի Վիաշէսլաւ Տոպրուշքին, Ռուս Սոնիա Մաթուսովա, եւ Քորէացի Հաիւք Քուոն, Կոմիտասի յիշատակին, գործին եւ վաստակին նուիրուած այս երգահանդէսը դարձնելով իսկապէս միջազգային տարողութիւն ունեցող տօնախմբութիւն մը։

Քառեակի երիտասարդ անդամներէն իւրաքանչիւրը նշանակալից գեղարուեստական վաստակաւոր եւ բեղուն ճամբայ մը կտրած է արդէն թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային բեմերու վրայ արժանանալով մրցանակներու եւ երաժշտասէրներու գնահատանքին։ Զիրենք իրար միացնողը Հիւսթընի համալսարանի երաժշտական դպրոցէն ներս գործող, եւ նորոգ հանգուցեալ, Փրոֆ. Վահրամ Սարաճեանի երաժշտական հոգեզաւակներ ըլլալու պարագան է։ Արդարեւ, խումբի չորս անդմաներէն երեքը իրենց երաժշտական բարձրագոյն ուսումը եւ կրթութիւնը Հիւսթընի մէջ ստացած են Փրոֆ. Սարաճեանի հոգատարութեան տակ։

Խումբի երիտասարդ հիմնադիր եւ պատասխանատու Յասմիկ Վարդանեան ծնած է Երեւան եւ տեղւոյն վրայ երաժշտական ուսում ստանալէ ետք, ելոյթներ ունեցած է աշխարհի համբաւաւոր բեմերու վրայ եւ բազմաթիւ մրցանակներ շահած է իբրեւ մենակատար ։ Անցեալին մաս կազմած է Երեւանի Կոմիտասի անուան քառեակին ու այժմ Հիւսթընի մէջ կը հետեւի երաժշտական մարզի մէջ իր տոքթորայի աստիճանին։

Բացման կարճ խօսքով մը  Տիկին Նանսի Թիւթիւնճեան, Եկեղեցւոյ Խնամակալ մարմինի անունով , ներկաներուն ներկայացուց Կոմիտասի դէմքը, վաստակն ու երաժշտական ժառանգութեան  պատկերը։ Նուագահանդէսի աւարտին Սբ. Գէորգ Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մարտիրոս  քհնյ. Յակոբեան իր գնահատանքը արտայայտեց այն գեղարուեստական վայելքին համար որ քառեակի անդամները ընծայեցին ներկաներուն։

Այս տարուայ ընթացքին սփիւռքի տարածքին տեղի կ՛ունենան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած բազմաթիւ գեղարուեստական ձեռնարկներ, ակադեմական հանդիպումներ, բանախօսութիւններ։ Հիւսթընի մէջ կազմակերպուած այս երաժշտական ցերեկոյթը իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մըն էր, ու գաղութի պատասխանատուներու աշխատանքը իր հիանալի արդիւնքը տուաւ։

Յովսէփ Մելքոնեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment