Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիա

Հայաստանը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Ներխուժումը Սուրիա

by MassisPost

Հայաստանը կը դատապարտէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական ներխուժումը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը  կառավարութեան նիստի ժամանակ գործողութիւնը ապօրինի որակած է, միջազգային հանրութեան կոչ ըրած գործուն միջոցներ ձեռնարկելու՝ այդ գործողութիւնը դադրեցնելու եւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով Սուրիոյ քաղաքացիներու, այդ շարքին՝ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու ուղղութեամբ։

«Մենք մտահոգուած ենք իրավիճակով, որովհետեւ, մեր գնահատմամբ, այդ գործողութիւնը աւելի կը խորացնի Սիրիայում հաստատուած մարդասիրական ճգնաժամը», – նշած է վարչապետը։

Սուրիա Թուրքիոյ ռազմական ներխուժումը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Յատկապէս մտահոգիչ իրավիճակ կը ստեղծուի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու համար, յայտարարած էին Արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ կոչ ընելով գործադրել գործուն միջազգային ջանքեր այս ռազմական ներխուժումը դադրեցնելու, զանգուածային վայրագութիւնները կանխելու եւ Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ։

Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նաեւ շեշտուած է՝ Հայաստանը կ’աջակցի Սուրիոյ միասնութեան եւ ինքնիշխանութեան։

Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ բնակող հայ համայնքը Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւններէն չէ տուժած, «Ազատութեան» փոխանցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի վարչութեան պետ Արմէն Մելքոնեանը։

Թրքական ներխուժման գլխաւոր թիրախներէն մէկը հանդիսացող Թել Ապիատ բնակավայրին մէջ ապրող 16 հայ ընտանիքներէն 13-ը, ըստ Մելքոնեանի, ինքնակամ հեռացած են եւ ցամաքային ճանապարհով տեղափոխուած են դէպի Հասաքէ քաղաք:

«Բոլոր դէպքերում դեսպանութիւնը կամ որեւէ մէկը չի կարող մտնել այդ շրջանները, էդ հնարաւորութիւնը չկայ։ 13-ը դուրս է եկել, ապահով հասել են Հասաքէ, 3-ը ուղղակի ցանկութիւն չեն ունեցել դուրս գալու։ Տուժածներ չկան, փառք Աստուծոյ, մենք մշտական կապի մէջ ենք եւ պատրաստ ենք ցանկացած զարգացումների», – նշած է Մելքոնեանը։

ԱԳՆ ներկայացուցչի խօսքով, հայերը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ հիմնական կը բնակին Գամիշլի քաղաքի մէջ, ուր այս պահուն կայ 400-420 ընտանիք, կամ մօտ 3 հազար հայ: Հայաստանցի դիւանագէտի խօսքով՝ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը «մշտական կապի մէջ է համայնքի ղեկավարութեան հետ, եւ անոնք այս պահին տարհանման ցանկութիւն չունեն, քանի որ այդպիսի վտանգ դեռեւս չեն զգում»:

Ի դէպ, վարչապետ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի ժամանակ կարծիք յայտնած է, որ ճիշդ կը գտնէ  նիստէն ետք դռնփակ ռեժիմով քննարկել Սուրիոյ հիւսիսը ստեղծուած իրավիճակի հնարաւոր զարգացումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment