Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններեն Տասնեակ Հայ Ընտանիքներ Տեղափոխուած Են Ապահով Վայրեր

Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջաններեն Տասնեակ Հայ Ընտանիքներ Տեղափոխուած Են Ապահով Վայրեր

by MassisPost

Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ իրականցուող ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի կապակցութեամբ Դամասկոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կ’աշխատին արտակարգ ռեժիմով:

Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ նշած է, որ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները մշտական կապ կը պահպանեն Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի եւ հիւսիսային այլ շրջաններու համայնքային կառոյցներու հետ:

«Մենք հետեւում ենք իրադարձութիւնների զարգացմանը: Դամասկոսի եւ Հալէպի հայ առաջնորդարանների հետ համատեղ մշակւում են հնարաւոր քայլեր Սիրիայի հիւսիսից տեղափոխուելու ցանկութիւն յայտնած մեր հայրենակիցներին ժամանակաւոր կացարաններով ապահովելու եւ ըստ անհրաժեշտութեան առաջին օգնութիւն տրամադրելու ուղղութեամբ: Անմիջականօրէն ռազմական գործողութիւնների տարածքում գտնուող Թել Ապիատ քաղաքից տասնեակից աւելի հայ ընտանիքներ արդէն իսկ ինքնուրոյն լքել են իրենց բնակութեան վայրը եւ տեղափոխուել աւելի ապահով շրջաններ՝ Հալէպ եւ Հասաքէ: Ներկայ դրութեամբ մեր հայրենակիցների անյապաղ տարհանման խնդիր դրուած չէ: Ըստ մեր տեղեկութիւնների, Սիրիայի հիւսիսային շրջաններում հայերի թիւը կազմում է շուրջ 3000 մարդ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment