Home Uncategorized Լի Սյէն Լուն․ ԵԱՏՄ-Ի Մէջ Հայաստանը Սինկափուրի Առանցքային Գործընկերն Է

Լի Սյէն Լուն․ ԵԱՏՄ-Ի Մէջ Հայաստանը Սինկափուրի Առանցքային Գործընկերն Է

by MassisPost

Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրասիական տնտեսական միութեան գագաթնաժողովի ընթացքին ԵԱՏՄ եւ Սինկափուրի միջեւ պիտի ստորագրուին համապարփակ տնտեսական համագործակցութեան եւ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագրեր, բացի այդ՝ Հայաստանի եւ Սինկափուրի միջեւ պիտի կնքուի ծառայութիւններու, առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին երկկողմ համաձայնագիր:

Այս մասին յայտնի դարձած է Երեւանի մէջ Հայաստանի ու Սինկափուրի վարչապետերու համատեղ ասուլիսի ժամանակ:

Սինկափուրի վարչապետ Լի Սյէն Լունը, որ աւելի քան 15 տարի արդէն կը ղեկավարէ երկիրը,  ժամանած է Հայաստան եւ բանակցութիւններ վարած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

«Ուրախ ենք, որ այս համաձայնագրերը կնքուելու են ԵԱՏՄ-ում Հայաստանի նախագահութեան ընթացքում։ Մենք, որպէս ԵԱՏՄ նախագահող երկիր, զգալի ջանքեր ենք գործադրել ԵԱՏՄ արտաքին կապերի աշխարհագրութիւնն ընդլայնելու ուղղութեամբ եւ Սինկափուրը եղել է մեր ուշադրութեան կեդրոնում։ Յոյսով ենք, որ այս կարեւոր իրաւապայմանագրային հենքի ստեղծումը կը նպաստի տեղեկատուական թեխնոլոկիաների եւ նորարարութեան ոլորտներում մեր երկրների համագործակցութեան աշխուժացմանը», – իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Ի դէպ, ինչպէս իր խօսքին մէջ նշած է Լի Սյէն Լունը, համաձայնագրերու շուրջ բանակցութիւնները տեւած են երկու տարի եւ անցած են եօթ փուլէ:

singapore-armenia-pms-2

Փաշինեանը յիշեցուցած է՝ այս տարի երկու պետութիւններու ներկայացուցիչներու ունեցած հանդիպումները, ինչը, ըստ վարչապետի, գերազանց դաշտ ստեղծած է Հայաստանի ու Սինկափուրի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար:

«Մեր երկու երկիրներու միջեւ կապերը ջերմ են եւ սկիզբ կ’առնեն 19-րդ դարէն: Սինկափուրի մէջ կը գործէ փոքր, սակայն կենսունակ հայ համայնք, որ նշանակալից ներդրում ունեցած է մեր հանրութեան մէջ: Մենք ունինք նաեւ հայկական փողոց եւ հայկական եկեղեցի, որ մեր հնագոյն եկեղեցին է, կը հանդիսանայ մեր ազգային կոթողներէն եւ կը գտնուի մեր պահպանութեան ներքոյ: Անգամ մեր ազգային ծաղիկը՝ Vanda Miss Joaquim-ը, ստեղծած է տիկին Ակնես Հոակիմը, որ ծնած էր Սինկափուրի մէջ, սակայն ծագումով հայ էր», – մանրամասնած է Լի Սյէն Լուն։

Անդրադառնալով Երեւանի մէջ ստորագրուելիք համաձայնագրերուն՝ Սինկափուրի վարչապետը նշած է, որ այն կրնայ ճանապարհ հարթել Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ ASEAN-ի՝ Հարաւարեւելեան Ասիոյ երկիրներու միութեան միջեւ համագործակցութեան համար: Սինկափուրը ASEAN-ի երկիրներէն է:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանը Սինկափուրի համախոհն է ու առանցքային գործընկեր», – յայտարարած է Լի Սյէն Լուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment