Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Արսէն Այվազեանը կը յայտնէ, որ վերջին շրջանին ի յայտ եկած են նոր տուեալներ, նոր տեղեկութիւններ, որոնցով պայմանաւորուած անհրաժեշտութիւն առաջացած է շարունակելու Ամուլսարի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Արսէն Այվազեանը ընդգծած է, որ նախաքննութիւնը շարունակելու հիմքը կը հանդիսանայ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն ստացած գրութիւնը: «Մենք ստացել ենք համապատասխան գրութիւն, որում առկայ են նոր տեղեկութիւններ, նոր տուեալներ, որոնք անհրաժեշտ է գործի ընդհանրութեան մէջ նայել, դիտարկել, քննութիւն կատարել գրութեան մէջ ներառուած տուեալների մասին»,- ըսած է Այվազեանը:
Անոր խօսքով՝ շրջակայ միջավայրի նախարարութենէն ստացած գրութիւնը առնչութիւն ունի Ամուլսարի վերաբերեալ քրէական գործին մէջ առկայ տուեալներու հետ: «Սրանով պայմանաւորուած՝ մենք կարիք ունենք այդ գրութեան մէջ նշուած տեղեկութիւնները քննարկել, ուսումնասիրել, համադրել նախկինում առկայ տուեալների հետ»,- ըսած է ՀՀ ՔԿ նախագահի տեղակալը:
ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալը չէ բացառած, որ մասնագիտական բնոյթի հարցերու առաջացման պարագային կարիք ըլլայ լրացուցիչ կամ կրկնակի փորձաքննութեան:
«Մենք ուսումնասիրում ենք նոր տուեալները՝ կապուած «Էլարտ»-ի կողմից տրուած եզրակացութեան հետ, եւ եթէ ի յայտ գան լրացուցիչ հարցեր, որոնք մասնագիտական բնոյթ են կրում, նման իրավիճակում մենք հնարաւորութիւն ունենք Քրէական դատավարութեան օրէնսգրքով նախատեսուած կարգով նշանակել լրացուցիչ կամ կրկնակի փորձաքննութիւն»,- ըսած է Այվազեանը: