Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արմէն Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցած է «Մանչեսթըր Սիթի»-ի Նախագահի Հետ

Արմէն Սարգսեանը Հանդիպում Ունեցած է «Մանչեսթըր Սիթի»-ի Նախագահի Հետ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը Մանչեսթըրի մէջ հանդիպած է Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի 2018/19 մրցաշրջանի ախոյեան «Մանչեսթըր Սիթի» ֆութպոլային ակումբի նախագահ, աշխարհի խոշորագոյն ներդրումային ընկերութիւններէն մէկու՝ «ՄՈՒՊԱՏԱԼԱ»-ի («Փոխանակում») ղեկավար Խալտուն Խալիֆա Ալ Մուպարաքի հետ։

Ինչպէս յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «ՄՈՒՊԱՏԱԼԱ» ընկերութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարները եւ ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւնները։ «ՄՈՒՊԱՏԱԼԱ» ներդրումային ընկերութիւնը հիմնական գործունէութիւն կը ծաւալէ բարձր արհեստագիտութիւններու, հեռահաղորդակցութեան, ուժանիւթի, առողջապահութեան, անշարժ գոյքի, ենթակառուցուածքներու, կրթութեան, գիտութեան ոլորտներու մէջ։

Խալտուն Ալ Մուպարաքը նախագահ Արմէն Սարգսեանին ներկայացուցած է նաեւ The City Football Group ընկերութեան գործունէութիւնը, որուն ալ կը պատկանի անգլիական «Մանչեսթըր Սիթի» ակումբը։ Այս ծիրէն ներս քննարկուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ֆութպոլի զարգացման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները։

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շրջայց կատարած է «Մանչեսթըր Սիթի»-ի ակադեմիային մէջ, ծանօթացած ակումբի տարբեր տարիքային խումբերու մարզական ծրագիրներուն։ Խալտուն Ալ Մուպարաքի հրաւէրով նախագահ Սարգսեանը մարզադաշտին մէջ դիտած է անգլիական ֆութպոլի լիկայի «Մանչեսթըր Սիթի»-«Թոթընհամ» հանդիպումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment