Home ՍՓԻՒՌՔ Պատրիարքական Ընտրութիւններու Նախաձեռնարկ Մարմինը Հանդիպած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ

Պատրիարքական Ընտրութիւններու Նախաձեռնարկ Մարմինը Հանդիպած է Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարին Հետ

by MassisPost

Կ. Պոլսոյ 85-րդ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպելու համար ձեւաւորուած նախաձեռնարկ մարմնի ղեկավարութիւնը Օգոստոս 7-ին հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն ներս: Կը հաղորդուի, որ նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ փոխատենապետ Սարգիս Չաւուշեանը հանդիպած են Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի, փոխնախարարի եւ նախարարութեան այլ պաշտօնեաներու հետ: Այս մասին տեղեկացուցած է «Էրմենիհապեր»ը։

Քէօլէդաւիթօղլուն թեմայի վերաբերեալ հայկական «Ակօս» թերթին տուած պարզաբանման մէջ ըսած է, որ հանդիպումներու ժամանակ քննարկուած են պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացի հետ կապուած քայլերը, անդրադարձ կատարուած է նաեւ պետութեան կողմէ մարմնին փոխանցուելիք ընտրական կանոնադրութեան:

Նախաձեռնարկ մարմնի ղեկավարը նաեւ նշած է, որ հանդիպումները անցած են դրական մթնոլորտի մէջ եւ յառաջիկային եւս քանի մը հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Նախաձեռնարկ մարմինը նիստ գումարած էր, որու ժամանակ որպէս պատրիարքական ընտրութիւններու    կայացման   նախնական ժամանակահատուած յստակեցուած էր դեկտեմբեր ամիսը: Նիստին որոշում կայացուած էր նաեւ դիմել Պոլսոյ նահանգապետարան եւ պատկան մարմիններուն՝ պատրիարքական ընտրութիւնները իրականացնելու համար յատուկ կանոնադրութեան մշակման համար։

Կանոնադրութեան մէջ պիտի նշուի վերջնաժամկէտ, որով հնարաւոր պիտի ըլլայ պատրիարքի ընտրութիւնները կազմակերպել մինչեւ տարեվերջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment