Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեռնային Ղարաբաղի Վերջնական Կարգավիճակը Պէտք է Որոշուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Բանակցութիւններու Միջոցով. Մարիա Զախարովա

Լեռնային Ղարաբաղի Վերջնական Կարգավիճակը Պէտք է Որոշուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Բանակցութիւններու Միջոցով. Մարիա Զախարովա

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցի  ժամանակ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդրին եւ ԼՂ կարգավիճակի որոշման:

«Մենք բաւարարուածութեամբ կ’ընդգծենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծի երկայնքով այսօր յարաբերական հանգստութիւն կը նկատուի: Միեւնոյն ժամանակ մեզի կը մտահոգէ այն, որ կողմերը կը շարունակեն տարատեսակ մեղադրանքներ հնչեցնել իրար դէմ: Նման հռետորաբանութիւնը կը հակասէ բանակցային գործընթացի համար բարենպաստ պայմաններու ստեղծման եւ հետեւաբար՝ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած փոխզիջումային տարբերակներ գտնելուն», – շեշտած է Զախարովան:

Անդրադառնալով ԼՂ կարգավիճակին՝ Զախարովան ըսած է. «Ռուսաստանը այն կարծիքին է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացի միջոցով»:

Վերջինս աւելցուցած է, որ Ռուսաստանը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր եւ հաշուի առնելով սերտ յարաբերութիւնները Երեւանի եւ Պաքուի հետ, կը շարունակէ աջակցիլ խաղաղ գործընթացի համակողմանի յառաջխաղացման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment