Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Ժամանած Զբօսաշրջիկներու Թիւը Տպաւորիչ Աճ Արձանագրած է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստան Ժամանած Զբօսաշրջիկներու Թիւը Տպաւորիչ Աճ Արձանագրած է. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է.

Այս տարուան առաջին 6 ամիսներու ընթացքին շարք մը երկիրներէ Հայաստան ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը տպաւորիչ աճ արձանագրած է: Մասնաւորապէս՝

Գերմանիայէն ժամանած զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 59,5 տոկոսով,
Չինաստանէն ժամանածներունը՝ 53,5 տոկոսով,
Հոլանտայէն ժամանածներունը՝ 34,9 տոկոսով,
Զուիցերիայէն ժամանածներունը՝ 30 տոկոսով,
ԱՄԷ-էն ժամանածնեորունը՝ 29,7 տոկոսով,
Յունաստանէն ժամանածներունը՝ 29 տոկոսով,
Իտալիայէն ժամանածներունը՝ 24,4 տոկոսով,
Մեծ Բրիտանիայէն ժամանածներունը՝ 22,9 տոկոսով,
Ճափոնէն ժամանածներունը՝ 22,2 տոկոսով,
Ռուսաստանէն ժամանածներունը՝ 19 տոկոսով
Շուէտէն ժամանածներունը՝ 19 տոկոսով,
ԱՄՆ-էն ժամանածներունը՝ 15 տոկոսով,
Ֆրանսայէն ժամանածներունը 13 տոկոսով:

Ընդհանուր առմամբ, առաջին կիսամեակին ունինք զբօսաշրջութեան 12,8 տոկոս աճ: Կեդրոնական դրամատան հաշուարկներով այս տարի նախորդ տարուան համեմատ զբօսաշրջիկները Հայաստանի մէջ ծախսած են մօտ 120 միլիոն տոլար աւելի գումար, քան նախորդ տարի: ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ այս գումարէն իր բաժինը ունենալու յայտ ներկայացնել:

Նաեւ կ’ուզեմ յիշեցնել, թէ ինչքան կարեւոր է պատշաճ ծառայութիւններ մատուցելը զբօսաշրջիկներուն, որպէսզի անոնք լաւ տպաւորութիւններով հեռանան Հայաստանէն եւ բարձրացնեն մեր երկրի ճանաչելիութիւնն ու պատկերը ամբողջ աշխարհի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment