Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Թուրքերը Զայրացած են «Netflix»-ի ֆիլմաշարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թեմայի Արծարծումէն

Թուրքերը Զայրացած են «Netflix»-ի ֆիլմաշարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Թեմայի Արծարծումէն

by MassisPost

Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ նկարահանուած «Ուրիշ կեանք» հեռուստաշարի  տեսաշարերէն մէկուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան։

«Էրմէնիհապեր»-ը կը գրէ, որ ֆիլմաշարի կերպարներէն մէկը կը խօսի իր հայկական ծագման մասին ու կը պատմէ, որ իր տատիկը ցեղասպանութենէն փրկուելու համար երեխաներուն հետ անցած է անապատներու մէջէն։

Այս դրուագը չէ վրիպած Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդի (RTÜK) ուշադրութենէն, որ մեղադրած է ամերիկեան ընկերութեան՝ բացայայտ կերպով Հայոց ցեղասպանութեան եղելութիւնը քարոզելու մէջ։

Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին վրդովեցուցած է այն հանգամանքը, որ իրենց բարձրացուցած խնդրի վերաբերեալ  «Netflix» ընկերութիւնը մինչեւ այժմ որեւէ պարզաբանում եւ բացատրութիւն չէ ներկայացուցած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment