Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը Ստացած է Սամուէլ Բաբայեանի Նախաձեռնած Ստորագրահաւաքի Փաթեթը

Արցախի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը Ստացած է Սամուէլ Բաբայեանի Նախաձեռնած Ստորագրահաւաքի Փաթեթը

by MassisPost

Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը  ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի նախաձեռնած ստորագրահաւաքի փաթեթը:

Բաբայեանը կը ցանկայ փոխել Սահմանադրութեան այն դրոյթը, որ կ’արգիլէ վերջին տասը տարուան ընթացքին Արցախի մէջ չբնակած քաղաքացիներուն առաջադրուիլ նախագահի ընտրութիւններուն: Փոփոխութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ Բաբայեանին եւ Սահմանդրութեան այդ դրոյթին չհամապատասխանող միւս քաղաքացիներուն առաջադրուիլ 2020 թուականի գարնան կայանալիք ընտրութիւններուն:

Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Եղիշէ Արզումանեանը, ներկայացուած ստորագրութիւններու թիւը 21 հազար 49 է: Հանրաքուէ կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է ընտրողներու 10 տոկոսի, այսինքն 10 հազար 278 ստորագրութիւնը: Ներկայացուած ստորագրութիւնները վաւեր կը համարուին միայն գերատեսչութեան կողմէ ստուգուելէ եւ հաստատուելէ ետք: Գործընթացը դեռ չէ մեկնարկած հետեւաբար պաշտօնեան վաղ համարած է որեւէ գնահատականի հնչեցումը։

Սամուէլ Բաբայեանը, իր գրասենեակի տարածած վերջին յայտարարութեամբ, կը պահանջէ Արցախի գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի հրաժարականը եւ վերջինիս կը սպառնայ հանրահաւաքային պայքարով՝ իր պահանջը չկատարելու պարագային:

Յուլիս 31-ին, Արցախի ոստիկանութեան նիստին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը յայտարարած էր. «Առանց աղմկոտ դրսեւորումներու կարգի ենք հրաւիրելու անօրինականութեան ճանապարհն ընտրածներին»:

Բակօ Սահակեանի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը ըսած է՝ Սահակեանի խօսքի հասցէատէրը բոլորն են, ոչ թէ անձնաւորուած ոեւէ մէկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment