Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեան- «Պէտք է Գիտակցինք, որ Կարեւոր է Ոչ Միայն Նպատակը, Այլեւ Անոր Հասնելու Ճանապարհը»

Արմէն Սարգսեան- «Պէտք է Գիտակցինք, որ Կարեւոր է Ոչ Միայն Նպատակը, Այլեւ Անոր Հասնելու Ճանապարհը»

by MassisPost

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը ուղերձ յղած է, որուն մէջ յոյս կը յայտնէ, որ տարբեր հարցերու շուրջ հանրային քննարկումներն ու բանավէճերը  յանգեցնեն հանրօգուտ, համազգային շահերուն համահունչ արդիւնքի:

«Սիրելի հայրենակիցներ, ամառային այս օրերին, երբ աշխարհի շատ երկրներում պետական եւ քաղաքական կեանքը հիմնականում մտել է հանդարտ փուլ, մեր երկրում դեռեւս աշխոյժ են հանրային բանավէճերը եւ փնտռտուքները», – իր ուղերձին մէջ նշած է նախագահը՝ շարունակելով․ – «Անշուշտ, բոլորիս նպատակը շարունակում է մնալ նոյնը. երկրում ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, ապահովել տնտեսական զարգացում եւ երկրի անվտանգութիւնը, ունենալ բարեկեցիկ հասարակութիւն, լիարժէքօրէն կեանքի կոչել իրաւական, ընկերային պետութեան կայացման սահմանադրական սկզբունքները, երաշխաւորել մարդու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները»:

«Մենք ուշադրութեամբ հետեւում ենք հնչող բազմաթիւ յայտարարութիւններին, կարծիքներին, տեսակէտներին, գործողութիւնների մասին կոչերին, այդ կոչերի վերաբերեալ կոչերին եւ այլն: Սահմանադրութեամբ ՀՀ նախագահութեան  հիմնարկին վերապահուած դերին հաւատարիմ՝ ես հնարաւորինս ձեռնպահ եմ մնում ընթացիկ զարգացումների վերաբերեալ քաղաքական բանավէճին մասնակից դառնալուց, որքան էլ որ որպէս քաղաքացի մեծ է խօսելու գայթակղութիւնը», – ընդգծած է Արմէն Սարգսեանը: Միաժամանակ, ան լիայոյս է, որ ընթացիկ եւ յետագայ զարգացումները կը նպաստեն ոչ միայն դատաիրաւական բարեփոխումներու արդիւնաւէտութեան, այլեւ պետական եւ հանրային կառավարման բոլոր ոլորտներու կատարելագործման, իշխանութիւն-հասարակութիւն փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան խորացման:

«Յոյս ունեմ նաեւ, որ տարբեր հարցերի շուրջ հանրային քննարկումներն ու բանավէճերը կը յանգեցնեն հանրօգուտ, համազգային շահերին համահունչ արդիւնքի: Միայն պէտք է շարունակենք հաւատալ մեր ուժերին եւ մտքին: Մենք պէտք է գիտակցենք, որ կարեւոր է ոչ միայն նպատակը, այլեւ դրան հասնելու ճանապարհը: Քննարկման առարկայ դարձնենք տարաձայնութիւններն ու խնդիրները, այլ ոչ թէ անձերին», – ըսուած է ուղերձին մէջ:

«Առաջ գնալու համար յաճախ օգտակար է կարճատեւ դադարը, անելիքը եւս մէկ անգամ ծանրութեթեւ անելը: Գիտակցենք, որ մեզ այսօր անհրաժեշտ են միասնութիւն, կայունութիւն եւ ապագային միտուած հայեացք, տեսլական, ինչպէս նաեւ կոնկրետ ծրագրեր», – ընդգծած է նախագահը՝ յայտնելով, որ վերջին շրջանին հանդիպած է ու պիտի շարունակէ հանդիպիլ քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն ու անհատներուն, «բոլոր նրանց, ովքեր պատրաստ են երկխօսութեան, ովքեր շահագրգռուած են ու գործում են յանուն մեր երկրի եւ ժողովրդի բարօրութեան»:

«Աստուած պահապան մեզ», – իր ուղերձը ամփոփած է Արմէն Սարգսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment