Home ՍՓԻՒՌՔ Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Թանգարանի Պիտի Վերածուի

Թուրքիոյ Մէջ Գտնուող Հայկական Եկեղեցին Թանգարանի Պիտի Վերածուի

by MassisPost

Թուրքիոյ Սվազ նահանգի Կիւրուն բնակավայրին մէջ (պատմ.՝ Սեբաստիա, Կիւրինի գաւառակ) գտնուող հայկական եկեղեցին վերանորոգումէն ետք պիտի գործէ իբրեւ թանգարան։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Կիւրունի շրջանի կեդրոնը գտնուող եւ 19-րդ դարու կառոյց հանդիսացող հայկական եկեղեցին յայտնուած էր ամբողջովին քանդուելու վտանգին առջեւ։

Վերանորոգման համար նախապէս յայտնուած էր, որ 3 միլիոն 684 հազար թրքական լիրա պիտի յատկացուի եւ պիտի սկսին վերանորոգման աշխատանքները։

Կիւրունի քաղաքապետ Նամի Չիֆթչին յայտարարած է, որ վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք՝ հայկական եկեղեցին պիտի բացուի իբրեւ թանգարան եւ պիտի ծառայէ զբօսաշրջութեան զարգացման՝ այդ տարածքին մէջ։

Նշենք, որ Կիւրին բնակավայրը 20-րդ դարու սկիզբը ունեցած է ընդհանուր առմամբ 3000 տուն բնակիչ, որուն 1550-ը՝ հայեր: Հայերը այստեղ զբաղած են առեւտուրով, երկրագործութեամբ եւ արհեստներով: Բնակավայրին մէջ եղած մէկ քարաշէն հայկական եկեղեցի եւ մէկ դպրոց: 1915-ին Կիւրինի հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան՝ տարագրուած է եւ բնաջնջուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment