Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յառաջիկայ Տարեսկիզբին Կենսաթոշակները 10 Տոկոսով Պիտի Բարձրանան

Յառաջիկայ Տարեսկիզբին Կենսաթոշակները 10 Տոկոսով Պիտի Բարձրանան

by MassisPost

2020 թ-ի Յունուար 1-էն Հայաստանի մէջ 10 տոկոսով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները։ Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարչապետը նշած է, որ կառավարութեան արտահերթ նիստի ժամանակ, որ կայացած է դռնփակ ռեժիմով, հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը: Այդ ժամանակ ալ, ըստ անոր, կենսաթոշակները բարձրացնելու մասին որոշում կայացուած է։

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ յայտնած է, որ այս տարուան Սեպտեմբեր 1-էն պիտի բարձրանան ուսուցիչներու աշխատավարձերը։

«Կառավարութիւնը կը փորձի միանգամից մէկ ծրագրի շրջանակում լուծել 1988 թուականի երկարաշարժի հետեւանքով բնակարան կորցրած այն քաղաքացիների բնակարանային խնդիրները, որոնց նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները դե յուրե այս պահին արձանագրուած են»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ անոր համար պիտի տրամադրուի 3 միլիառ դրամ:

Ինչ կը վերաբերի ծրագրերու մանրամասներուն, ապա, ըստ անոր,  անոնք նաեւ յետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստակեցուին։

Վարչապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ Յունիս 1-էն արդէն զինուորականներու աշխատավարձերը բարձրացած է։

Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝  քննարկուած է նաեւ մէկ այլ աւելի կարեւոր խնդիր. «Մեր հիմնական խնդիրը հիմա՝ ունենալ ներառական բարձր տնտեսական աճի ցուցանիշների հասնելու ճանապարհային քարտէզ: Այդ խնդրի լուծման հիմնական միջոցը մենք տեսնում են վերամշակող  արդիւնաբերութեան, արհեստագիտական  արդիւնաբերութեան եւ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութիւններով»։

Վարչապետը ըսած է նաեւ, որ Վիեթնամ եւ Սինկափուր այցի շրջանակէն ներս եւս այդ թեմաներով քննարկումներ ունեցած են։ Հիմա, ըստ անոր, պէտք է ստեղծել աշխատանքային շրջանակ, որ պիտի ներառէ վերամշակող արդիւնաբերութեան ոլորտի ձեռնարկութիւնները. «Ուզում եմ ասել, որ խօսքն առանձնայատուկ այն ձեռնարկութիւնների մասին է, որոնք հումքից ստանում են վերջնական արտադրանք»։

Փաշինեանը Տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանին յանձնարարած է մինչեւ Օգոստոս 20-ը վերամշակող արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններու հետ ունենալ քննարկումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment