Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ֆրանսայի Նախագահը Ըսած է, որ Ատրպէյճանին Պիտի Չվաճառէ Այնպիսի Զէնք, որ Կրնայ Օգտագործուիլ Արցախի մէջ. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

Ֆրանսայի Նախագահը Ըսած է, որ Ատրպէյճանին Պիտի Չվաճառէ Այնպիսի Զէնք, որ Կրնայ Օգտագործուիլ Արցախի մէջ. ՀՀ ԱԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

«Ֆրանսա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, յատկապէս ռազմաարդիւնաբերական ոլորտում, մշտապէս գտնւում են մեր ուշադրութեան կեդրոնում», – հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանը՝ լրագրողներու խնդրանքով մեկնաբանելով մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ Ատրպէյճանը կը պատրաստուի զէնք գնել Ֆրանսայէն։

«Եթէ չեմ սխալւում դեռեւս Փետրուարի 5-ին Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութեան համակարգող կոմիտէի կողմից կազմակերպուած միջոցառման ժամանակ Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ Ֆրանսան, ի տարբերութիւն այլ երկրների, միակ երկիրն է, որը խստօրէն պահպանում է էմպարկոյի իր պարտականութիւնները եւ որ Ֆրանսան Ատրպէյճանին չի վաճառի այնպիսի զէնք, որը կարող է օգտագործուել Արցախում», – ըսած է Նաղտալեանը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը կարեւորած է, որ Ֆրանսան իրապէս հետամուտ ըլլայ այս հարցի վերաբերեալ եւ ձեռնպահ մնայ Ատրպէյճանի հետ որեւէ համագործակցութենէ, որ կրնայ խաթարել տարածաշրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment