Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է մարզիկները Եւրոպական խաղերուն յաջողութիւններու հասնելու, մետալներ նուաճելու կապակցութեամբ եւ անոնց մրցելոյթները գնահատած յաջողած:
Վարչապետը նշած է, որ առանձին մարզաձեւերու մէջ մեր մարզիկները ունին լաւ հնարաւորութիւններ եւ աւելցուցած, որ սփորթը ունի առաջնային նշանակութիւն:
«Ձեր յաջողութիւնները գալիք սերնդի համար կը լինեն ոգեշնչման աղբիւր»,- ըսած է Փաշինեանը:
Այնուհետեւ վարչապետը մարզիչներէն եւ մարզիկներէն հետաքրքրուած է մրցումներու ընթացքի, ապա առկայ հնարաւորութիւններու, խնդիրներու մասին:
Մարզիկներն ու մարզիչները ներկայացուցած են արդիւնքները, խօսած են նաեւ առանձին մարզաձեւերու զարգացման հնարաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ խնդիրներու մասին:
Հանդիպման աւարտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մաղթած է յաջողութիւններ յառաջիկային նախատեսուած մրցելոյթներուն եւ Ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստուելու փուլին: