Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը Դիմած է Ոստիկանութեան իր Անվտանգութիւնն Ապահովելու Համար

Դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը Դիմած է Ոստիկանութեան իր Անվտանգութիւնն Ապահովելու Համար

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանէն ներս սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի գործով ներկայացուած բողոքներու քննութեան հարցով խորհրդակցական սենեակ հեռացուած դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը դիմած է Ոստիկանութիւն իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Տեղեկութիւնը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը՝ առանց լրացուցիչ մանրամասներ յայտնելու․ – «Անվտանգութիւնն ապահովում են: Մնացած մեխանիզմներն արդէն մեր խնդիրն է»:

Վերաքննիչ ատեանի դատաւոր Արմէն Դանիէլեանը Քոչարեանի խափանման միջոց կալանքը երաշխաւորութեամբ փոխելու եւ գործը կասեցնելու ու Սահմանադրական դատարան ուղարկելու առաջին ատեանի որոշման դէմ բողոքները քննեց ի պաշտպանութիւն եւ ընդդէմ Քոչարեանի ընթացող բողոքի ցոյցերու ներքոյ եւ անսպասելիօրէն խորհրդակցական սենեակ հեռացաւ Յունիս 20-ին:

Ոստիկաններու պաշտպանութեան դիմած Դանիէլեանը Յունիս 24-ին  պէտք է հրապարակէ առաջին ատեանի դատարանի կողմէ ազատ արձակուած Քոչարեանը կրկին կալանաւորելու կամ ազատութեան մէջ թողելու մասին որոշումը:

Քոչարեանի փաստաբաններէն Յովհաննէս Խուդոյեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ այս փուլին չեն ուզեր մեկնաբանել դատաւորի այդ քայլը՝ նշելով, թէ այն արտառոց երեւոյթ չէ:

Աւելի վաղ նման պահանջով Ոստիկանութիւն դիմած էր նաեւ առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը, որու որոշմամբ Քոչարեանը կալանքէն ազատած էր, գործի վարոյթը կասեցուած էր եւ ուղարկուած Սահմանադրական դատարան սահմանադրական կարգի տապալման 300.1 յօդուածի Սահմանադրութեան համապատասխանութիւնը որոշելու մասով:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը կարծիք յայտնած է, որ այսպէս դատաւորը որոշած է երաշխաւորել իրեն բոլոր հնարաւոր միջամտութիւններէն․ – «Չունենք յստակ տեղեկատւութիւն, թէ ովքեր են այդ սպառնացողները: Պէտք է ենթադրել, որ առաջին դէպքում պէտք է որ լինի սպառնալիք իշխանութեան կամ մեղադրող կողմի կողմից, բայց էդ դէպքում երկրորդ դատաւորի միջնորդութիւնը անվտանգութեան միջոցներ ապահովելու առումով, կարծես թէ, նման սպառնալիքները հերքում է: Կամ քանի որ բազմիցս իշխանութիւնը յայտնել է, որ իրապէս չի միջամտում ու որեւիցէ հիմքեր չկան միջամտութեան մասին պնդումներ անելու, հակառակ դէպքում առաջին ատեանի դատարանի դատաւորը չէր կարող նման որոշում կայացնել, ապա ենթադրում եմ, որ, հաշուի առնելով Ռոպերթ Քոչարեանի՝ դատարանի դահլիճում հնչեցրած «եախէդ թափի» կոչը ըստ էութեան հնչում է որպէս նախազգուշացում: Պէտք է մտածել, որ դատաւորը հիմքեր է ունեցել դիմելու անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:

Իրաւապաշտպանը կարեւորած է, որ թէ՛ դատաւորը , թէ՛ Ոստիկանութիւնը հրապարակային կերպով ներկայացնեն այն հիմնաւորումները, որոնք ստիպած են դատաւորին նման զգուշաւորութիւն ցուցաբերել:

Սաքունցը նկատած է, որ սա հանրային մեծ կարեւորութիւն եւ հնչեղութիւն ունեցող հարց է, եւ ցանկացած քայլ պէտք է առաւելագոյնս թափանցիկ կատարուի՝ հնարաւոր սխալ ենթադրութիւններէն խուսափելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment