Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատաւորներու Ստուգումը Պիտի Իրականացնեն Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը եւ Կաշառակերութեան Կանխարգելման Մարմինը. Մակունց

Դատաւորներու Ստուգումը Պիտի Իրականացնեն Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը եւ Կաշառակերութեան Կանխարգելման Մարմինը. Մակունց

by MassisPost

Դատաւորներու վեթինկը (ստուգումը) պիտի իրականացնեն Բարձրագոյն դատական խորհուրդն (ԲԴԽ) ու նոր ստեղծուելիք Կաշառակերութեան կանխարգելման մարմինը: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկացուցած է իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը՝ ընդգծելով, որ վեթինկի մասին առանձին օրէնք պիտի չընդունուի:

Ինչպէս Մակունցը բացատրած է՝ առանձին օրէնքի պարագային, խնդիրներ կառաջանային Սահմանադրութեան հետ եւ գործընթացը ժամանակատար կ’ըլլար, ինչը չի բխիր դատաիրաւական համակարգին մէջ արագ բարեփոխումներ իրականացնելու իշխանութեան շահերէն:

«Կան հարցեր, որոնք Բարձրագոյն դատական խորհուրդը պէտք է իրականացնի, քննարկի։ Հիմնական գործընթացը վեթինկի իրականացնելու է հենց Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, բայց կան հարցեր, որը իր լիազօրութիւնների տիրոյթից դուրս է, հետեւաբար, դրանք պէտք է ուսումնասիրութեան եւ քննութեան ենթարկուեն այլ մարմնում, որը ենթադրաբար Կաշառակերութեան կանխարգելման մարմինն է», – նշած է Մակունցը։

«Ազատութեան» հարցին՝ այդ մարմինը պէտք է նո՞ր ստեղծուի, պատասխանած է. «Դեռ չի ստեղծուել, բայց Արարատ Միրզոյեանի նախաձեռնութեամբ արդէն ներկայացուել է Ազգային ժողովին այն օրէնքների փաթեթը, որոնք սկիզբն են, մեկնարկն են այդ հիմնարկի ձեւաւորման։ Ի հարկէ, սա նշանակում է, որ որոշակի օրէնքների նախագծերով անհրաժեշտ է լինելու հանդէս գալ, դրա մասին լրացուցիչ տեղեկատւութիւն կը տրամադրուի եւ պէտք է նաեւ մշակել այն չափանիշները, որոնցով մենք պատկերացնում ենք, որ վեթինկը պէտք է իրականացուի։ Ամենակարեւոր հատուածը կայ, կառոյցները գիտենք, թէ որոնք են անելու, դատական համակարգը նոյնպէս այստեղ դեր ունենալու է»։

Իշխանական խմբակցութեան ղեկավարի փոխանցմամբ, խորհրդարանական իրենց գործընկերներու, դատաիրաւական համակարգի եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ պիտի մշակուին այն չափանիշները, որոնց համաձայն պիտի իրականացուի վեթինկը: Յատակապէս մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն դատաւորներու յայտարարգրերուն, որոնք աւելի մեծ տեղեկատւութիւն կը ներառեն դատաւորներու մասին:

«Վեթինկի մասին նախագիծ չի լինելու, բայց գործընթաց իրականացնելու համար որոշակի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնների կարիք է լինելու, որը կ’իրականացուի», – ընդգծած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment