«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը արձագանգած է Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի կոչին՝ պարզաբանելով, որ Սահմանադրութիւնը չէ խախտած, պատգամաւորական գործունէութեան զուգահեռ չի զբաղուիր ապօրինի ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ: Առեւտրային կազմակերպութիւններու մէջ ունեցած բաժնեմասերը յանձնած է հաւատարմագրային կառավարման:
Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը իր հերթին յայտարարած է՝ համոզի՞չ է պատգամաւորի պարզաբանումը, թէ՞ ոչ: Ան ուշադրութիւնը հրաւիրած է օրէնքի բացերու վրայ. – «Կայ բաց օրէնքում, որը լողալու տեղ է տալիս: Եւ մենք անպայման պէտք է օր առաջ հետամուտ լինենք, որպէսզի այդ բացը լրացնենք օրէնսդրական կարգաւորմամբ»:
Ծառուկեանը պատգամաւորական մանտաթէն զրկելու հիմքերը ուսումնասիրելու ու այդ ուղղութեամբ գործընթաց սկսելու խնդրանքով գլխաւոր դատախազին եւ Աժ նախագահին դիմած էր արտախորհրդարանական «Քաղաքացիի որոշում» կուսակցութիւնը, որու ներկայացուցիչները կը համարեն, որ Ազգային ժողովի վերջին նիստին ներկրուող սեմենթի վրայ տուրք սահմանելու կառավարութեան նախագիծի քննարկումներուն «ԱրարատՍեմենթ» գործարանի սեփականատէր Ծառուկեանի եւ ԲՀԿ խմբակցութեան աշխոյժ մասնակցութեամբ խախտուած է Սահմանադրութիւնը եւ այլ օրէնքներ:
Գլխաւոր դատախազը հաղորդման ընթացք տուած էր՝ այն ուղարկելով Յատուկ քննչական ծառայութիւն, իսկ Աժ նախագահ Միրզոյեանը յորդորած էր Ծառուկեանին սպառիչ պարզաբանումներով փարատել կասկածները:
«Մի կողմից, մենք ունենք սեփականատէր լինելու հնարաւորութիւնը, որը թոյլ է տալիս քաղաքական գործչին, օրէնսդիր մարմնում աշխատողին լինել սեփականատէր, բայց հնարաւորութիւն չի տալիս զբաղուել ձեռնարկատիրութեամբ: Այդտեղ բաժանարար գիծը շատ նուրբ է, եւ հնարաւոր չէ իրականում յստակ ֆիքսել, թէ որն է ձեռնարկատիրութեամբ զբաղուելը, եւ որը՝ չէ», – նշած է Լիլիթ Մակունցը:
Ինչ կը վերաբերի սեմենթին վերաբերող քննարկման նիստին ԲՀԿ առաջնորդի խնդրայարոյց ելոյթին, յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այն կը վկայէ կազմակերպութիւններու գործունէութեան արդիւնքներու վերաբերեալ Ծառուկեանի իրազեկուածութեան մասին եւ նուազագոյն աղերս չունի անձամբ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն իրականացնելու գործառոյթի հետ:
Ծառուկեանը հաւաստիացուցած է, որ «ԱրարատՍեմենթ» գործարանի աշխատողներուն հետ իր հանդիպումը սեփականատիրոջ կարգավիճակով եղած է, որու ընթացքին կայացուցած է սեփականատիրոջ շահերէն չբխող որոշում: Անոր ձեւակերպմամբ՝ այն մարդասիրութեան դրսեւորում եղած է:
«Քաղաքացիի որոշում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Միքայէլ Նահապետեանը պնդած է՝ Ծառուկեանի յայտարարութիւնները կ’ապացուցեն, որ ան փաստացի կը միջամտէ իր պիզնեսներու կառավարման․ – «Օրէնքը յստակ կարգաւորում է՝ չի կարող հանրային ծառայողը միջամտել կառավարման գործընթացներին որեւէ կերպով: Եւ պարոն Ծառուկեանը ցուցադրել է այսպիսի միջամտութիւն»:
«Քաղաքացիի որոշումը» դիմած էր նաեւ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն` էթիքայի յանձնաժողով ստեղծել եւ քննել Ծառուկեանի հարցը:
«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը ուշացած կը համարէ նման քայլը: ԲՀԿ-ն նոյնպէս նպատակայարմար չէր համարած յանձնաժողով ստեղծելը: Իսկ իշխող խմբակցութիւնը առայժմ կը սպասէ ՅՔԾ-ի եզրայանգման:
Յատուկ քննչական ծառայութիւնը դեռ կ’ուսումնասիրէ Ծառուկեանի դէմ հաղորդումը: Եթէ պարզուի, որ Ծառուկեանը խախտած է Սահմանադրութիւնը, ան կը զրկուի մանտաթէն: