Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսայի Վարչապետ․ Այն, որ Տեղի Ունեցածը Ցեղասպանութիւն է, Ապացուցուած է Փաստերով

Ֆրանսայի Վարչապետ․ Այն, որ Տեղի Ունեցածը Ցեղասպանութիւն է, Ապացուցուած է Փաստերով

by MassisPost

«Ֆրանսան թոյլ չի տար իր վրայ ազդեցութիւն գործել ճնշման ու սուտերու միջոցով», – նախօրէին Փարիզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի միջոցառման ժամանակ յայտարարած է Ֆրանսայի վարչապետ Էտուարտ Ֆիլիփը՝ հակադարձելով պաշտօնական Անգարայի քննադատութեան Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր հռչակելու՝ Ֆրանսայի նախագահի որոշման առնչութեամբ:

«Ֆրանսբրեսը» տեղեկացուցած է, որ Ֆրասայի մէջ առաջին անգամ պաշտօնապէս նշուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օրը: Արարողութեան ժամանակ վարչապետ Ֆիլիփը ծաղիկներ դրած է Կոմիտաս վարդապետի յուշարձանին:

Իր խօսքին մէջ Ֆրանսայի վարչապետը նշած է, որ 1915 թուականի Ապրիլ 24-ին հայ մտաւորականներու աքսորով մեկնարկած զանգուածային տեղահանութեան հետեւանքով Անատոլիայի ճանապարհները վերածուած էին մահուան երթուղիներու, եւ ընդգծած է․ – «Թուրքիոյ կողմէ հայերու զանգուածային կոտորածները դարձան 20-րդ դարու միւս ցեղասպանութիւններու նախագուշակը: Այն, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, ապացուցուած է փաստերով, եւ շատոնց արձանագրուած է պատմաբաններու կողմէ: Այդ սարսափը վերյիշելը չի նշանակեր համակերպուիլ անոր հետ, այլ՝ դասեր քաղել ու աշխատիլ աւելի լաւ աշխարհ կառուցելու համար: Սարսափին առերեսուիլը արդարութեան հասնելու նախապայման է»:

Պաշտօնական Անգարան իր հերթին Ֆրանսային առերեսման կոչեր ըրած է: Նախագահ Էրտողանը, յիշատակելով Ռուանտայի եւ Ալժիրի կոտորածները, յայտարարած էր, թէ Ֆրանսան չի կրնար իրենց դասեր տալ այս հարցի վերաբերեալ:

«Հայկական հարցի եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի թեմաներով Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան դասեր տուողները բոլորն ալ արիւնոտ անցեալ ունին», – ըսած էր Էրտողան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment