Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանցի Գիտնականները Պարզած են Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Հայ Ժողովուրդի Կրած Վնասներու Չափը

Հայաստանցի Գիտնականները Պարզած են Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքով Հայ Ժողովուրդի Կրած Վնասներու Չափը

by MassisPost

Վերջին տարիներուն հայաստանցի պատմաբանները, քաղաքական ու հասարակական շրջանակները աշխոյժ պայքար կը մղէին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը դէպի իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ։ Շատերը կը պնդեն՝ անցած է Ցեղասպանութեան ճանաչման փուլը, եկած է հատուցում պահանջելու ու պատճառուած հետեւանքները վերացնելու ժամանակը։

Ցեղասպանութեան հետեւանքներու, վնասներու, կրած կորուստներու մասին տարբեր թիւեր, տեսակէտներ կան։ Անոնք ի մի բերելու ու ամբողջական գնահատական տալու նպատակով Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ ստեղծուած է միջգիտակարգային յանձնախումբ, որուն մէջ ներառուած են գիտնականներ ու մասնագէտներ պատմութեան, արեւելագիտութեան, արուեստի, երկրաբանութեան, հնագիտութեան եւ ազգագրութեան,  բնագիտութեան եւ աստղաբնագիտութեան հիմնարկներէն՝ Ռուբէն Մելքոնեան, Արմէն Մարուքեան, Պաւէլ Աւետիսեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արարատ Աղասեան, Դաւիթ Քերթմէնճեան եւ այլք։

«Յանձնախումբը կարողացել է մեր ունեցած կորուստները՝ սկսած տարածքայինից մինչեւ եկեղեցիներ, մշակութային արժէքներ, հաւաքագրել։ Արուեստագէտներն աշխատել են իրենց մասով,պատմաբանները՝ իրենց, նաեւ երկրաբաններ ու բնագէտներ կան խմբում։  Վերջինները, օրինակ, հանքային հանածոների մասով ահռելի գործ են արել։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքում հսկայական հանածոներ կան, որոնք անցած 100 ու աւելի տարիների ընթացքում շահագործուել են, դրանց շահոյթները աստղաբաշխական գումարներ են կազմում։  Խմբում ընդգրկուած բոլոր մասնագէտներն իրենց հնարաւորութեան սահմաններում հաւաքել են մեր ունեցած կորուստի հանրագումարը, եւ 600-700 էջանոց ծանրակշիռ մի աշխատութիւն առաջիկայ մի քանի ամիսների ընթացքում լոյս կը տեսնի»,-Panorama.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը։

Գիտնականը կը կարծէ, որ աշխատութեան հրատարակումէն ետք պիտի ըլլան գործնական քայլեր հատուցման խնդիրը առաջ մղելու համար։

«Ժամանակին Լեւոն Վարդան անունով գործիչ կար։ Նա սկսել էր գրել հայկական կորուստների մասին, այսպէս կոչուած լքեալ գոյքի վերաբերեալ, երբ թուրքերը օրէնքներ էին գրել, որպէսզի պետականացնէին հայերից յափշտակուած գոյքը։ Հիմա մենք գիտական մակարդակով դա դնում ենք ընթացքի մէջ, կարծում եմ՝ կը գայ ժամանակը, որ պետական մարմինները մեզ սատար կը կանգնեն, եւ քաղաքական մակարդակով եւս այդ հարցն առաջ կը մղեն»,-մանրամասնած է գիտնականը։

Մելքոնեանը յիշեցուցած է, որ մինչեւ 1921 թուականը տարբեր թիւեր շրջանառուած են, խօսուած է 18 միլիոն ֆրանքի մասին, որ ըստ գիտնականի, այսօր մի քանի հարիւր միլիառ ամերիկեան տոլար կը կազմէ։

«Բայց այդ նախկին ու ներկայ հաշուարկները համեմատելի չեն միմեանց հետ։ Միայն կ’ասեմ հետեւեալը, մեր նիւթական կորուստները կազմել են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան կրած վնասների կրկնակին, որոշ հաշուարկների համաձայն, խօսքն առնուազն կէս թրիլիոն տոլարի մասին է։ Սա էլ յարաբերական թիւ է, միայն շօշափելի նիւթական կորուստների մասին է խօսքը, դրանում ներառուած չեն հոգեւոր արժէքները՝ երաժշտութիւն, ձեռագրեր, եկեղեցիներ, որոնք ֆինանսական առումով անկարելի է հաշուել։ Էլ չեմ ասում ամենակարեւորը՝ հայրենիքը, որը գին, արժէք չունի»,-նշած է ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէնը։

Աշխատութիւնը պիտի տրամադրուի նաեւ իրաւաբաններուն, որպէսզի անոնք կորուստներու մասին հաւաքուած փաստական տուեալները վերածեն իրաւական նիւթի՝ Հաագայի միջազգային դատարան մտնելու համար։

Գիտնականներու ուսումնասիրութիւններու համար հիմք հանդիսացած են քանի մը տասնեակ երկիրներու, նաեւ Հայաստանի արխիւային նիւթերը, քարտէզները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment