31 Մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններուն նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը թէեւ յաղթած է ընդհանուր ընտրութիւններուն, սակայն պարտուած է մայրաքաղաք Անգարայի, ինչպէս նաեւ երկրի խոշորագոյն քաղաքին` Պոլսոյ մէջ:
Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ յաղթած են Թուրքիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները: Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին համար պայքարը թէժ է, կը հաղորդէ Reuters-ը:
Անգարայի քաղաքապետի համար ընտրութիւններուն՝ քուէներու 99,8 տոկոսի հաշուարկէն ետք պարզուած է, որ յաղթած է ընդդիմադիր թեկնածու Մանսուր Եաւաշը, որուն օգտին քուէարկած է ընտրողներու 50,9 տոկոսը: Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (AKP) փոխնախագահ Մեհմէտ Օզհասեքին ստացած է քուէներու 47,4 տոկոսը:
Պոլսոյ մէջ քուէներու 98,8 տոկոսի հաշուարկի արդիւնքով դեռ յաղթող թեկնածու չկայ: Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի մտերիմ դաշնակից եւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը ընդդիմութեան թեկնածու Աքրամ Իմամօղլուէն 4000 ձայնով աւելի է, սակայն Իմամօղլուն ալ յայտարարած է, որ Եըլտըրմէն առաջ է 28 հազար ձայնով։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողանը խոստովանած է, որ իշխող կուսակցութիւնը չէ ունեցած Անգարայի քաղաքապետի պաշտօնը, այնուամենայնիւ, ան նշած է, որ AKP-ի թեկնածուները յաղթած են Անգարայի շուրջ գտնուող շատ տարածքներու մէջ:
Կը նշուի, որ իշխող կուսակցութիւնը յաղթանակ տարած է Թուրքիոյ 40 շրջաններու մէջ, գլխաւոր ընդդիմադիր Ազգային ժողովրդական կուսակցութիւնը` 20 մարզերու մէջ (ներառեալ Անգարա, Իզմիր, Անթալիա), իսկ ազգայնական կուսակցութիւնը` 12: