Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅՔԾ-ը Ստացած է Ռուսաստանի Պատասխանը՝ Միքայէլ Յարութիւնեանը ՌԴ Քաղաքացի է

ՅՔԾ-ը Ստացած է Ռուսաստանի Պատասխանը՝ Միքայէլ Յարութիւնեանը ՌԴ Քաղաքացի է

by MassisPost

«Մարտի 1»-ի գործով մեղադրեալ, 2008-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանը Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացի է: Այդ մասին գրութիւնը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը (ՅՔԾ) օրերս ստացած է Ռուսաստանէն, այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է Յատուկ քննչական ծառայութեան խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը, աւելցնելով, որ լրացուցիչ հարցում ուղարկած են՝ պարզելու, թէ Յարութիւնեանը երբ ստացած է Ռուսաստանի քաղաքացիութիւն։

Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, աւելի վաղ ռուսական կողմը յայտարարած էր, որ 2002 թուականէն Յարութիւնեանը Ռուսաստանի քաղաքացի է, իսկ ՌԴ Սահմանադրութեամբ՝ Ռուսաստանի քաղաքացիները չեն կրնար յանձնուիլ այլ երկրի, այդ շարքին՝ քրէական հետապնդման ենթարկուելու պարագային:

«Լրացուցիչ հարցում է ուղարկուել՝ պարզելու, թէ Միքայէլ Յարութիւնեանը երբուանից է հանդիսանում Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացի», – նշած է Մարինա Օհանջանեանը։

Սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Յարութիւնեանը հետախուզման մէջ է հայաստանեան իրաւապահներու կողմէն: Անոր ստորագրութիւնը դրուած է յոյժ գաղտնի 0038 հրամանի տակ, որով, ըստ ՅՔԾ-ի, բանակը 2008-ին ներգրաւուած է Երեւանի մէջ ծաւալած ընդդիմութեան հանրահաւաքները ցրելու գործողութիւններուն մէջ:

Իրաւաբան Գէորգ Կէօզալեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ Ռուսաստանը, յղում ընելով Սահմանադրութեան, իր քաղաքացիին չարտայանձներ, բայց հայաստանեան իրաւապահները կրնան անոր մասով քրէական գործ ուղարկել Ռուսաստան։

Կէօզալեանի կարծիքով, Միքայէլ Յարութիւնեանը 2008-ին, երբ կը գլխաւորէր Հայաստանի զինուած ուժերը, չէր կրնար հանդիսանալ Ռուսաստանի քաղաքացի. «Ենթադրւում է, որ ոչ, որովհետեւ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարը ի պաշտօնէ նաեւ պետական գաղտնիքներին է տիրապետում եւ եթէ այդ սահմանափակումը կայ  դատաւորի նկատմամբ, առաւել եւս պէտք է լինի նրա նկատմամբ»։

«Մարտի 1»-ի գործով տուժողներու իրաւայաջորդներու ներկայացուցիչ, փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը իր հերթին նշած է՝ եթէ Յարութիւնեանը ՌԴ քաղաքացիութիւն ստացած է մինչ պաշտպանութեան նախարար նշանակուիլը՝ որպէս Զինուած ուժերու Գլխաւոր Շտապի պետ, ապա, ըստ փաստաբանին, Յարութիւնեանը պետական եւ ծառայողական գաղտնիքին ծանօթանալու համար պէտք է կառավարութենէն թոյլտւութիւն ստանար որպէս օտարերկրեայ քաղաքացի։ Գրիգորեանի խօսքով, եթէ մինչ այսօր Հայաստանի պետական մարմինները Յարութիւնեանի Ռուսաստանի քաղաքացիութեան մասին տեղեակ չեն եղած, ապա ՌԴ քաղաքացիութիւնը իր պաշտօնավարման ընթացքին ստացած ըլլալու պարագային ան կոպիտ կերպով խախտած է պետական եւ ծառայողական գաղտնիքի մասին օրէնսդրութիւնը եւ սա նոյնպէս պէտք է Անվտանգութեան մարմիններու քննութեան առարկան դառնայ։

Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ պնդած է՝ Յարութիւնեանը խախտած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, որոնք կ’արգելէին մինչեւ 2007 թուականը ըլլալ նաեւ այլ պետութեան քաղաքացի։

«Պաշտպանութեան նախարար էր, նախքան դա գլխաւոր շտապի պետ էր։ Ըստ էութեան, օրէնքը, չգիտեմ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կամ պաշտպանութեան մասին օրէնքը կամ կառավարութեան մասին օրէնքը չեն արգելում, որ պաշտպանութեան նախարարը լինի նաեւ այլ երկրի քաղաքացի։ Դա ողջամիտ տրամաբանութիւնն է արգելում։ Ըստ էութեան, մենք գործ ունենք մի իրավիճակի հետ, երբ Հայաստանի պաշտպանութեան համար պատասխանատու բարձրաստիճան պաշտօնատար անձը նաեւ այլ պետութեան քաղաքացի է եւ դրանով իսկ պարտաւորուած էր գործել նաեւ այլ պետութեան շահերից», – նշած է Իոաննիսեանը։

Միքայէլ Յարութիւնեանը, ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի պաշտօնական կայքէջի, ընդգրկուած է ընտրողներու ցանկին մէջ, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի քաղաքացի է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment