Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Դէմ Ենք Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման»․ Ցոյցին Մասնակցեր են Նաեւ Հայրենադարձները

«Դէմ Ենք Սփիւռքի Նախարարութեան Լուծարման»․ Ցոյցին Մասնակցեր են Նաեւ Հայրենադարձները

by MassisPost

«Դէմ ենք Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման» պաստառներով խումբ մը հայրենադարձներ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներու հետ երթով շարժած են դէպի կառավարութիւն։

Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը հիմնաւոր չի համարեր բացատրութիւնը, թէ միւս նախարարութիւններուն մէջ կան սփիւռքին վերաբերող բաժիններ, կ’ըսէ՝ անոնք միայն ոլորտային խնդիրներ կը լուծեն եւ քաղաքականութիւն իրականացնող մարմիններ չեն:

Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին օրէնքի փոփոխութիւններու համաձայն՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ի տարբերութիւն վերակազմաւորուող միւս չորսին, պիտի լուծարուի:

«Քանի մենք սփիւռք ունենք, Սփիւռքի նախարարութիւն պէտք է ունենանք, եթէ չենք ունենայ սփիւռք, այդ նախարարութիւնը կը լուծարուի։ Օփթիմալացման (կրճատման) մասին խօսք լինել չի կարող, որովհետեւ առանց այդ էլ Սփիւռքի նախարարութիւնը շատ փոքր կազմով է աշխատում։ Հայրենադարձութեան բաժնի պետը ես եմ, այդ բաժինն ունի ընդամէնը երկու աշխատող՝ բաժնի պետ եւ առաջատար մասնագէտ։ Հարիւրաւոր ընտանիքներ են գալիս, այդ աշխատանքը կատարում է այդ փոքր բաժինը, իսկ վարչութիւնը ընդամէնը հինգ անդամ ունի», – ըսած է Ալեքսանեանը, շարունակելով․ – «Մենք հասկանում ենք, որ որոշ կառուցուածքային փոփոխութիւնների կարիք կայ։ Մենք ինքներս ենք հասկանում եւ մենք դրան դէմ չենք, մենք հարց ենք բարձրացնում՝ ո՞վ պէտք է համակարգի Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, ո՞վ պէտք է իրականացնի հայրենադարձութիւնը, ո՞վ պէտք է հայապահպանութեան խնդիրը լուծի՝ էսօր սփիւռքում ձուլման խնդիրը արագացել է»:

«Մեր ծախսերը այնքան համեստ են, որ դա ուղղակի  վէճի  առարկայ չի կարող լինել։ Նախարարութեան պահպանման ծախսը ընդամէնը 500 հազար տոլարին համարժէք է։ Սփիւռքը այս տարիների ընթացքում բազմաթիւ 500 հազարներ է Հայաստանին օժանդակել եւ նուիրաբերել։ Դա ընդամէնը մէկ դպրոցի ծախս է՝ վերանորոգման կամ կառուցման։ Մեր խնդիրը հիմնարկի գոյութիւնն է, կապ չունի՝ մենք այդ հիմնարկում կ’աշխատե՞նք, թէ՞ կը գան նոր, աւելի փրոֆեսիոնալ քատրեր։ Հիմնարկի պահպանութեան հարցն է», – շեշտած է պաշտօնեան:

Նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ ցոյցի մասնակիցներուն հետ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հասցէագրուած նամակ փոխանցած են: Նամակը ընդունած է կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանտր Ղազարեանը:

«Ազատութեան» հարցին՝ եթէ դրական պատասխան չստանան, պիտի շարունակե՞ն բողոքի ցոյցերը, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի փոխնախագահ Ալեքսան Գարատանայեանը պատասխանած է. – «Ոչ, մենք բողոքի ցոյց չենք ընէր, մենք չենք ուզեր քաղաքականացնել։ Պիտի սպասենք պատասխանին, պատասխանն ալ արդէն մենք լրատուամիջոցներով կը լսենք, կ’իմանանք մանրամասնութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment