Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Ղարաբաղի Հարցով Լաւատեսական Ակնկալիքներ Ունի 2019-էն

Պաքուն Ղարաբաղի Հարցով Լաւատեսական Ակնկալիքներ Ունի 2019-էն

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կրկին պատրաստակամութիւն յայտնած է ինքնավարութեան բարձր կարգավիճակ տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղին, բայց՝ միայն Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Այս մասին հերթական անգամ յայտարարած է Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի ժամանակ Էլմար Մամետեարովը ափսոսանք յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով տարիներ տեւած բանակցութիւնները այդպէս ալ արդիւնք չեն տուած, սակայն աւելցուցած է՝ յոյս կայ:

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի շփումները, հայաստանցի պաշտօնակցի հետ իր հանդիպումները բանակցութիւններու առաջընթացի որոշակի լաւատեսութիւն կը ներշնչեն՝ մասնաւորապէս, անոր խօսքով, «գալիք տարուան գրաւուած տարածքներէն հայկական զօրքը դուրս բերելու հարցով»:

Ռազմաշունչ հռետորաբանութեամբ աչքի ինկող եւ պատերազմի սպառնալիքներ հնչեցնող Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, միեւնոյն ժամանակ, կը հաւաստիացնեն, որ հոգ պիտի տանին Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար: «Մեր երկիրը ինչպէս իր քաղաքացիներուն, այնպէս ալ Լեռնային Ղարաբաղի հայազգի բնակիչներուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ, անոնց պիտի տրամադրէ բարձր մակարդակի ինքնավարութիւն՝ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու շրջագիծէն ներս», – յայտարարած է ատրպէյճանական դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Պաշտօնական Ստեփանակերտը հեգնած է՝ «կը գնահատեն Պաքուի շռայլութիւնը», բայց «ամանորեայ նուէրը» թերի է՝ պէտք է նաեւ յայտարարէին, որ Լեռնային Ղարաբաղի նահանգապետի պաշտօնն ալ պիտի զբաղեցնի Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004 թուականին Պուտափեշթի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացնահարելու համար հունգարական դատարանի կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած էր, սակայն 2012-ին յանձնման ենթարկուեցաւ հայրենիք եւ Պաքու ժամանելուն պէս ներման արժանացաւ Ատրպէյճանի նախագահի կողմէն։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով՝ Մամետեարովի յայտարարութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ Պաքուն չէ փոխած իր դիրքորոշումը, հետեւաբար՝ «պարոն Մամետեարովի ցանկութիւնները պիտի մնան ցանկութիւն եւ երազանք»:

«Նոյն հայատեաց, նացիստական, ռեւանշիստական քաղաքականութիւնն է, եւ ոչ մի ինչպէս Մամետեարովն է սիրում ներկայացնել, ոչ մի  կառուցողական   առաջարկ չկայ: Կրկին  հին մուղամներն են երգում: Պարոն Մամետեարովի ցանկութիւնները այդպէս էլ կը մնան ցանկութիւն», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Բաբայեանը:

Արցախցի պաշտօնեան վստահեցուցած է՝ յայտարարութիւնները, թէ հայաստանեան իշխանութիւնները որոշակի առաջընթացի յոյս կը ներշնչեն, ընդամէնը   եթերային խօսքեր են, որոնք Պաքուն կը հնչեցնէ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան առաջին իսկ օրերէն: Մամետեարովի այդ յայտարարութիւնը Ատրպէյճանէն հնչող այն պնդումներու շարքէն է, թէ իրենք կազմակերպած են հայաստանեան թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեանը:

«Սա աւելի շուտ ե՛ւ կեղծ են են: Այն, որ նրանք ուզում են, որ այդպէս լինի, չի նշանակում, որ դա իրականութիւն է: Այսպիսի ցնորամիտ յայտարարութիւն է արել Ալիեւը, շարունակել է մի քանի անգամ, հիմա էլ Մամետեարովն է ասում, որ լաւատես է: Այսինքն՝ ի սկզբանէ նրանք ռումբ են դրել որեւէ կառուցողական երկխօսութեան տակ, նոր Հայաստանի իշխանութիւնների: Որովհետեւ նման յայտարարութիւնները փաստօրէն անհնարին են դարձնում որեւէ կառուցողական պահ բանակցութիւնների ընթացքում», – ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալը, աւելցնելով․ – «Այսինքն՝ կրկին պէտք է հիմնական շեշտը դրուի խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ»:

«Հետեւաբար, Մամետեարովի ասածը ոչ այլ ինչ է, քան պարզապէս ահաբեկչութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակը ապակայունացնելու, ինչպէս նաեւ ներհայկական միասնականութիւնը խարխլելու, բայց չեմ կարծում, որ դա իրեն կը յաջողուի», – շեշտած է Բաբայեանը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի ժամանակ Մամետեարովը անդրադարձած է նաեւ հայաստանեան նոր իշխանութիւններու պահանջին՝ պաշտօնական Ստեփանակերտը բանակցային սեղան վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին: Այն իրատեսական չէ, կրկին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը եւ պնդած, թէ «բանակցութիւններու ձեւաչափը կը մնայ անփոփոխ»:

Փոխարէնը, Մամետեարովը կարեւորած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու մակարդակով Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը երկու երկիրներու բնակչութեան խաղաղութեան նախապատրաստելուն ուղղուած յստակ քայլերու իրագործման շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment