Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Համացանցի ազատութիւնը 2018 թուականին» զեկոյցը (Freedom on the Net 2018):
Յառաջխաղացում արձանագրած 19 երկրներէն Հայաստանը էապէս բարելաւած է դիրքը եւ «մասամբ ազատ»-էն տեղափոխուած է «ազատ» երկիրներու շարքը:
Freedom House-ի զեկոյցի հեղինակները նշած են, որ Հայաստանի պարագային բարելաւումը ուղղակիօրէն կապուած է «թաւշեայ յեղափոխութեան» հետ:
Հայաստանի քաղաքացիները յեղափոխութիւն կատարած են՝ աշխոյժօրէն կիրառելով ընկերային ցանցերու մետիա հարթակները, հաղորդակցութեան յաւելուածները եւ համացանցով իրադարձութիւններու ուղիղ հեռարձակումները (live stream):
Հայաստանը համացանցի ազատութեան առումով աշխարհի մէջ գրաւած է 27-րդ տեղը: Տարածաշրջանէն իր առջեւ միայն Վրաստանն է, որ կը զբաղեցնէ 25-րդ տեղը: Ատրպէյճանը կը համարուի «մասամբ ազատ» եւ 60-րդ տեղը կը գրաւէ:
«Ոչ ազատ» երկիրներու շարքին 66-րդ տեղը կը զբաղեցնէ Թուրքիան, որուն կը յաջորդէ 67-րդ տեղը գրաւած ԵԱՏՄ, ԱՊՀ եւ ՀԱՊԿ կառոյցներու շոգեքարշ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը:
Իրանը 85-րդն է: «Մասամբ ազատ» են Ղրղըզստանը եւ Ուքրանիան, «ոչ ազատ» են Ղազախստանը, Պելառուսը եւ Ուզպեքստանը:
Զեկոյցի հեղինակները ամփոփած են 2017 թուականի յունիսէն 2018-ի մայիս ինկած ժամանակաշրջանը՝ վերլուծելով համացանցի վիճակը 65 երկիրներու մէջ:
Այս տարուան զեկոյցին մէջ ընդգրկուած 65 պետութիւններէն 15-ը «ազատ» են, 30-ը՝ «մասամբ ազատ», եւ 20-ը՝ «ոչ ազատ»:
«Համացանցի ազատութիւնը 2018 թուականին» զեկոյցին մէջ ըսուած է, որ մեծ թիւով երկիրներու մէջ իշխանութիւնները կը խստացնեն հսկողութիւնը օգտատէրերու անձնական տուեալներու նկատմամբ:
Բացի այդ, իշխանութիւնները «կեղծ» (fake) տեղեկատուութեան դէմ պայքարի պատրուակով կը լռեցնեն այլախոհները, ինչը կը խարխլէ հանրութեան վստահութիւնը ոչ միայն համացանցի, այլեւ ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան նկատմամբ: