Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յեղափոխութեան Առաջին Պարտութիւնը

Յեղափոխութեան Առաջին Պարտութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս երկրորդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ Ընտրական Օրէնսգիրքի փոփոխութիւնը, որ առաջարկուած էր Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ:

Անցեալ շաբթուայ ձախող փորձէն ետք, վարագոյրի ետին բաւական աշխոյժ աշխատանք տարուած էր, ապահովելու համար յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ` 63 ձայները: Այս շաբաթ տեղի ունեցած երկրորդ քուէարկութեան ընթացքին, օրինագծին կողմ քուէարկեցին միայն 62 պատգամաւորներ ու այդպիսով, բացայայտ թէ թաքնուած «սապոթաժ» կազմակերպողները հասան իրենց նպատակին՝ առաջին անգամ ըլլալով նոր իշխանութիւնները մատնելով պարտութեան:

Անցեալ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, յեղափոխութեան բեմէն հնչող պահանջներու շարքին, Սերժ Սարգսեանի հրաժարումէն ետք ընտրական օրինագիծի փոփոխութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպումը առաջնահերթութիւն կը նկատուէին: Առաջինը իրականութիւն դարձաւ օրին, արտահերթ ընտրութիւններու հարցը գրեթէ լուծուած է եւ այս շաբաթ վերջնականապէս կը հաստատուի, երբ Խորհրդարանէն ներս կը «տապալուի» վարչապետի ընտրութիւնը, իսկ ընտրական օրէնքներու փոփոխութիւնը կը մնայ առկախուած:

Նոր՝ համամասնական օրէնքով ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենային կուսակցութիւններու եւ կամ դաշինքներու կողմէ ներկայացուած ցուցակներու հիման վրայ:

Այժմ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նախկին իշխանութիւններուն կողմէ պատրաստուած եւ իրենց համար ձեւաչափուած բաւականին բարդ՝ «ռէյթինկային» սկզբունքով, ուր անհատ թեկնածուներուն տրուած ձայները պիտի երթան իրենց պատկանած կուսակցութեան, պարարտ հող դառնալով քրէական տարրերուն՝ ազդելու ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Թէեւ այժմ իրավիճակը փոխուած է եւ նոյն տարրերը ազատ-համարձակ կաշառք բաժնելու կարելիութենէն զրկուած են: Սակայն, յատկապէս շրջաններու մէջ, տակաւին իրենց ունեցած տարբեր լծակներով պիտի կարողանան ազդել ընտրողներուն վրայ ու այդպիսով դարձեալ յայտնուիլ Խորհրդարանի նստարաններուն վրայ:

Յեղափոխութեան կրած այս առաջին պարտութեամբ վտանգուած է, եթէ ոչ ընտրութիւններու ազատութիւնը, սակայն հաստատօրէն հարցականի տակ է անոնց արդարութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment