Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը դիմած է կառավարութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետութեան նուիրել Ակնալիճ համայնքի մէջ գտնուող «Ակնալիճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան շուրջ 330 հեքթար տարածքը:
«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ լուրը հաստատած է ՀՀ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախագահի տեղակալ Սերգօ Աթանէսեանը:
«Մանուէլ Գրիգորեանի ներկայացուցչի կողմից գրութիւն է ուղարկուել մեր կոմիտէ, որ նա պատրաստակամ է նուիրաբերել տարածք առանց որեւէ պարտաւորութեան: Մնացած մանրամասներին չեմ տիրապետում, քանի որ վարչութեան միւս տեղակալի համակարգմանը ենթակայ գործառոյթների մէջ է մտնում պայմանաւորուածութիւնը» ,- ընդգծած է Աթանէսեանը:
ՀՀ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախագահի միւս տեղակալը՝ Գէորգ Լոռեցեանը, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ իրենց գրութեամբ դիմած է Մանուէլ Գրիգորեանի լիազօր ներկայացուցիչը՝ յայտնելով, որ պատրաստ են պետութեան նուիրաբերել Ակնալիճ համայնքի մէջ գտնուող «Ակնալիճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան շուրջ 330 հեքթար տարածքը։
«Սահմանուած կարգով պիտի կազմակերպենք գոյքի ընդունման գործընթացը»,- գրած է Լոռեցեանը։