Home ՍՓԻՒՌՔ Պոլսահայ Համայնքը Յաջողած է Պետութենէն Ետ Ստանալ Անցեալին Խլուած Խոշոր Հողատարածք

Պոլսահայ Համայնքը Յաջողած է Պետութենէն Ետ Ստանալ Անցեալին Խլուած Խոշոր Հողատարածք

by MassisPost

Պոսլոյ հայկական Երեք Խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Պօղոս Թանաճըօղլուն յայտնած է՝ անցեալին հիմնադրամէն խլուած հողատարածքի վերադարձի մասին։

Թրքական «Ogunhaber» կայքի փոխանցմամբ՝ Երեք Խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Պօղոս Թանաճըօղլուն նշած է, որ իրենք, օգտուելով հիմնադրամներու օրէնքի 11–րդ կէտի հնարաւորութենէն,  դատարան դիմած էին՝ Պեշիքթաշի շրջանը գտնուող խոշոր հողատարածքը ետ ստանալու պահանջով։

«Երկարատեւ իրաւական պայքարէ ետք յաջողեցանք ետ ստանալ այդ հողատարածքի   վաւերաթուղթը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նախագահին մեզի աջակցելու համար»,–նշած է Պօղոս Թանաճըօղլուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment