Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Սարգսեանը Հանդիպումներ Ունեցած է Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովի Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

Արմէն Սարգսեանը Հանդիպումներ Ունեցած է Ֆրանքոֆոնիայի Գագաթնաժողովի Մասնակից Պետութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

by MassisPost

Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովի շրջանակէն ներս Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպումներ ունեցած է գագաթնաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքէջին, Արմէն Սարգսեանը հանդիպած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան յաջորդ գագաթնաժողովը հիւրընկալող երկրի՝ Թունէսի նախագահ Պեճի Քաիտ Ալ-Սեպսիի հետ:

Հանդիպման ժամանակ երկու երկիրներու նախագահները կարեւորած են երկկողմ փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ համատեղ քայլերու իրականացումը:

Թունէսի նախագահը Արմէն Սարգսեանին հրաւիրած է պաշտօնական այց կատարելու իր երկիր։

sarkisiian-vietnam

Հանրապետութեան նախագահը հանդիպած է նաեւ Վիեթնամի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ֆան Պին Մինի հետ:

Նախագահը ողջունած է Վիեթնամի պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը Ֆրանքոֆոնիայի երեւանեան գագաթնաժողովին:

Նախագահ Սարգսեանը ու Վիեթնամի փոխվարչապետը անդրադարձած են երկկողմ կապերու խորացման հարցերուն՝ մասնաւորապէս կարեւորելով տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու, զբօսաշրջութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ գիտական եւ կրթական ոլորտներուն մէջ առկայ մեծ ներուժի օգտագործումը:

Վիեթնամի փոխվարչապետը իր երկրի ղեկավարութեան անունէն նախագահ Սարգսեանին հրաւիրած է պաշտօնական այց կատարելու Վիեթնամ:

sarkissian-gambia

Արմէն Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է նաեւ Կամպիայի փոխնախագահ Ուսեյնու Տարպոյի հետ:

Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան երեւանեան գագաթնաժողովին Կամպիային շնորհուած է դիտորդի կարգավիճակ:

Զրուցակիցները կարեւորած են երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ օրերս ստորագրուած արձանագրութիւնը եւ համոզմունք յայտնած, որ այն խթան պիտի դառնայ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար։ Անոնք, մասնաւորապէս, քննարկած են բարձր թեխնոլոկիաներու ոլորտին մէջ հնարաւոր գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Ափրիկեան մայրցամաքի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր։

Նշենք, որ այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցան Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովը։ Հայաստան ժամանած էին կազմակերպութեան անդամ 84 երկիրներու պատուիրակութիւններ։

38 երկիր ներկայացած է երկրի վարչապետի, կամ նախագահի մակարդակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment