Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸՅ-ն Մերժեց «Բարգաւաճ Հայաստանի» Դիմում- Բողոքը Ընդդէմ Դանիէլ Իոաննիսեանի

ԿԸՅ-ն Մերժեց «Բարգաւաճ Հայաստանի» Դիմում- Բողոքը Ընդդէմ Դանիէլ Իոաննիսեանի

by MassisPost

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը միաձայն մերժած է «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան դիմում-բողոքը «Անկախ դիտորդ» դաշինքի ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեանի դէմ: Կուսակցութիւնը պահանջած էր դիմել դատարան՝ Իոաննիսեանին վարչական պատասխանատուութեան ենթարկելու հայցով:

Դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած կազմակերպութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններէն մէկ օր առաջ Մետիա կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ժամանակ հրապարակած էր իրենց ունեցած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց մի քանի կուսակցութիւններ, մասնաւորապէս, «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը ընտրակաշառք բաժնած են: Նշած էր նաեւ, որ ԲՀԿ-ն գումար բաժնած է նախընտրական «ֆլեշմոպի» մասնակիցներուն:

«Բարգաւաճ Հայաստանի» ներկայացուցիչը ԿԸՅի քննարկման ժամանակ նշած էր, որ սա հակաքարոզչութիւն է իրենց կուսակցութեան դէմ: Մինչդեռ «Անկախ դիտորդի» ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեանը նշած էր, որ տեղեկութիւնը հաղորդած են ընտրողներուն եւ քարոզչութեան միտում չեն ունեցած:

Քննարկումէն ետք, Կեդրոնական Ւնտրական Յանձնաժողովը որոշած է, որ չեն կրնար վարչական դատարան դիմել, քանի որ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը չի յստակեցներ «քարոզչութեան եւ տեղեկատուութեան սահմանները»:

ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը նշած է, որ յանձնաժողովի որոշումէն ետք, անգամ, կուսակցութիւնը կրնայ դիմել վարչական դատարան, մինչդեռ ԲՀԿ ներկայացուցիչ Ռուբէն Մանուկեանը ըսած է, որ դեռ որոշում չեն կայացուցած՝ դատարան դիմել-չդիմելու մասին, թէեւ «ապօրինի կը համարեն» ԿԸՅ որոշումը եւ կը պնդէ՝ Իոաննիսեանը հակաքարոզչութիւն ըրած է իրենց դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment