Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հետ շուրջ երեք ժամ տեւած բանակցութիւնները, ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի, «միտքերու կարեւոր եւ հետաքրքիր փոխանակում էր շարունակուող հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ քայլերու շուրջ», կը փոխանցէ «Թուրան» գործակալութիւնը:
«Մենք պայմանաւորուեցանք շարունակել բանակցութիւնները յառաջիկային սպասուող համանախագահներու տարածաշրջանային այցի ժամանակ», – ըսած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարը` մեկնաբանելով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի շրջագիծէն ներս հայաստանցի պաշտօնակիցի հետ հանդիպման արդիւնքները: