Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանը Հատած Թուրքիոյ Քաղաքացիի Հայրը Եկած է Հայաստան՝ Որդիին Տուն Տանելու

Սահմանը Հատած Թուրքիոյ Քաղաքացիի Հայրը Եկած է Հայաստան՝ Որդիին Տուն Տանելու

by MassisPost

Հայաստանի սահմանը հատած Թուրքիոյ 16-ամեայ քաղաքացի՝ Ումութ Ալի Օզմէնի հայրը եկած է Հայաստան՝ որդիին տուն տանելու համար: Այս մասին ան նշած է ermenihaber.am կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 24 Յուլիսին Հայաստանի մէջ յայտնուած 16-ամեայ թուրք հովիւին ձերբակալած են ռուս սահմանապահները:

Մուսթաֆա Օզմէնը ըսած է. «Ինծի զանգեցին եւ ըսին, որ որդիիս ազատ պիտի արձակեն: Խնդրեցին գամ իրեն տուն տանիմ: Այսօր քննիչին հետ խօսեցանք: Ըսաւ՝ իրենք պարզած են, որ որդիս որեւէ յետին նպատակ չէ ունեցած, փախուստի մէջ չէ եղած, ահաբեկչական կառոյցներու չէ անդամակցած: Այնուամենայնիւ, ան սահման հատած էր, այսինքն՝ յանցանք գործած էր եւ անհրաժեշտ էր օրինական ճանապարհով, նախատեսուած ընթացակարգով պարզել հանգամանքները:

Քննիչը յայտնեց, որ այդ ամէնը հաշուի առնելով՝ անոնք կը պատրաստեն գործը կարճել եւ որդիիս ազատ արձակել: Կինս եւ ես արդէն չէինք դիմանար: Ամէն օր կը տեսնէինք, թէ ուրիշ երեխաներ ինչպէս դպրոց կ’երթան, իսկ մեր երեխան չկար, հեռու էր մեզմէ: Մայրն ամէն օր կ’արտասուէր: Այս մարդկային վերաբերմունքին համար նորէն կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի պաշտօնեաներուն, ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին:

Մենք մշակոյթներով մօտ ժողովուրդներ ենք, երբ փողոցին մէջ կը նայիմ մարդոց, անոնցմէ ոմանց շատ կը նմանցնեմ իմ այս կամ այն ազգականին: Այստեղ ինծի օտար չեմ զգար: Շատ կ’ուզէի, որ Ումութը երբ չափահաս դառնայ, միասին աւելի նորմալ վիճակի մէջ գանք Երեւանը տեսնելու, որովհետեւ շատ գեղեցիկ քաղաք է ու մարդիկ ալ այստեղ հիւրընկալ են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment