Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ-Ճաբոնական Դիւանագիտական Յարաբերութեանց Տարեդարձը

Հայ-Ճաբոնական Դիւանագիտական Յարաբերութեանց Տարեդարձը

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հայ-Ճաբոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայ-Ճաբոնական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու նպատակով, վերջերս Հայաստան այցելեց Ճաբոնի Արտաքին Գործոց նախարար Թարօ Գոնոն ու շահեկան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի պետական ղեկավարներու հետ:

Յիշենք, թէ Ճաբոն Հայաստանին մօտ 300 միլիոն տոլար պարտք տուած է, եւ 90 միլիոնէ աւելի նպաստներ ըրած Հայաստանի ժողովուրդին եւ երկրին մակարդակը բարելաւելու համար առաւել 29 հրշէջ մեքենաներ նուիրած մեր հայրենիքին:

1918-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, առաջին հայ հիւպատոսը եղած է Տայանա Աբգար, որ մեծ դեր խաղցած է Ճաբոնիա հաստատուած հայ փախստականներ Ա.Մ.Ն. փոխադրելու գործին մէջ: Նման պաշտօնի մը իգական սեռին կողմէ ստանձնուիլը, այն ալ Կովկասեան պահպանողական երկրի մը կողմէ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ դիւանագիտական աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւած էր:
* * *

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7, 2018-ի երեկոյեան ժամը 5-էն մինչեւ մինչեւ ժամը 9.30 Ա.Մ.Ն. Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Հայ-Ճաբոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձը:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէլի 31 արտավար տարածութիւն ունեցող գեղատեսիլ Brand Park-ին մէջ: Այդ օր ճոխ յայտագրով եւ պատկառելի հիւրերու ներկայութեամբ նշուեցաւ «Ճաբոնի Օր»ը եւ «Հայ-Ճաբոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց Օր»ը:

Ձեռնարկը կազմակերպած էր Լոս Անճելոսի մէջ գործող Ճաբոնի եւ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսարաններու կողմէ:

Երեկոյեան ժամը 5-6.30 ներկաները առիթ ունեցան Brand Park-ին մէջ զբօսնելու: Այս զբօսայգիին մէջ ճաբոնական Sho Seian բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է Tea Garden, ի նշան Ճաբոնի եւ ԱՄՆ-ի ժողովուրդներու փոխադարձ սիրոյն եւ յարգանքին:

armenia-japan-3

Ժամը 7.00-8.00, Brand Park-ի կեդրոնական սրահին մէջ, մօտ 100 ընտրանի հրաւիրեալներու ներկայութեամբ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը: Հանդիսավարն էր ԱՄՆ-ի եւ Ճաբոնիայի Հարաւային Գալիֆորնիոյ հիմնարկի նախագահ՝ Տակլըս Էրպըր: Խօսք առին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս՝ Ռազմիկ Ստեփանեան, Ճաբոնիայի Գլխաւոր հիւպատոս՝ Աքիրա Չիպաս, Կլենտէլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Փոլա Տիվայն, Կլենտէլի Կրթական Խորհուրդի անդամ Տոքթ. Արմինէ Կարպետեան, Հայաստանի մօտ Ճաբոնի առաջին հայաստանաբնակ դեսպան Էիճի Թագուշի (որուն խիստ շահեկան խօսքը, թարգմանաբար առանձին կու տանք), ինչպէս նաեւ UCLA համալսարանի բժշկական բաժնի մեծանուն ղեկավարներէն, Հայկական Առողջապահական Միջազգային Հիմնադրամի փոխ-նախագահ՝ Տքթ. Աքիրա Իշիյամա, որ քանի մը անգամ Հայաստան մեկնած է եւ հոն մօտ 100 խուլ եւ համր փոքրիկներուգ•ործողութիւններ ըրած, եւ այդ փոքրիկները, բոլորն ալ խօսիլ եւ լսել սկսած են:

armenia-japan-4

Ապա, գեղարուեստական բարձր որակի հայկական եւ ճաբոնական նուագներու կատարումէն ետք, բոլոր ներկաները անցան հիւրասիրութեան սրահ: Հոն տեղի ունեցաւ Հայ-Ճաբոնական դիւանագիտական յարաբերութեան 26-րդ տարեդարձի կարկանդակի հատումը: Ապա, շատ ճոխ ճաբոնական եւ հայկական ուտեստեղէններու մատուցմամբ՝ հիւրասիրութիւնը: Հայ եւ ճաբոնացի ներկայ հիւրեր մեծագոյն հաճոյքով կ՛ուզէին լսել եւ ծանօթանալ երկու երկիրներուն եւ անոնց ժողովուրդներուն մասին:

Այս անմոռանալի եւ բարձր մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկը վերջ գտաւ մօտաւորապէս ժամը 9.30-ին:

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք Հայաստանի մօտ Ճաբոնի նախկին դեսպան Էիճի Թագուշիի (Eiji Tagushi) արտասանած խօսքը:

Ողջոյն բոլորիդ:

Ես շատ ուրախ եմ այսօր ձեզի հետ ըլլալուս համար, «Ճաբոնի Օրուան» յատուկ առիթով:
Ես երեք տարիներ աշխատած եմ Երեւանի մէջ որպէս Ճափոնի դեսպան: Ինչպէս գիտէք, Ճաբոնիան եւ Հայաստանը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունին: Այդ երկար տարիներու լոյսին տակ ես պատիւն ու առանձնաշնորհումը ունեցայ աշխատելու որպէս Ճաբոնիայի պատուոյ բնակիչ դեսպանը Հայաստանի:

Այսօր պիտի ուզէի խօսիլ այն մասին, թէ ես ինչպէս կը դիտեմ Ճաբոն-Հայաստան կապերը: Կը յուսամ իմ այս կարճ ելոյթը պիտի սատարէ աւելի լաւ հասկնալու մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Իմ բջջային հեռախօսս կը բացուի Արարատի պատկերով, զոր ես տեսայ Երեւանի իմ յարկաբաժինէս առաջին օրը որ ժամանեցի Հայաստան: Նմանապէս կը յիշեմ նաեւ, թէ պատուհանիս շուրջ թռչող ծիծեռնակները ինչպէս բարի գալուստ մաղթեցին ինծի: Այնպիսի գեղեցիկ ու խաղաղ առաւօտ մըն էր, որ ես երբեք պիտի չմոռնամ: Եւ ամէն անգամ որ ես Կոմիտասի «Ծիծեռնակ» երգը կը լսեմ, կը յիշեմ այդ եզակի առաւօտը: 3 տարիներու իմ կեցութեան ընթացքին, ես փորձառութիւնը ունեցայ վայելելու զանազան ձեռնակներ œ հանդիպելու զանազան մարդոց, այսուհանդերձ իմ առաջին օրուան անմոռանալի տպաւորութիւնս երբեք չփոխուեցաւ:

Արդարեւ, բոլոր այն ճաբոնցիները որ կ՛այցելեն, լաւ տպաւորութիւն ունին Հայաստանէն: Ասիկա շողոքորթութիւն չէ: Պատմական գեղեցիկ ժառանգութիւնը դիմակայելը, համեղ ճաշերը վայելելը, ազնիւ ու հիւրասէր մարդոց հանդիպիլը, այս բոլորը միասնաբար լաւ տպաւորութիւն մը կը հաղորդեն Հայաստանէն:

armenia-japan-2

Հայ ժողովուրդին Ճաբոնէն կրած տպաւորութիւնն ալ վատ չէ: Շատ մարդիկ կը տեսնեն նոյն լուսաւորութիւնն ու հասարակաց գիծերը Հայաստանի եւ Ճաբոնիայի միջեւ, Արարատ լերան եւ Ֆուճի լերան միջեւ, Դուդուկի եւ Հիչիրիքիի միջեւ, հասարակաց արժէքներու, ինչպէս՝ սիրոյ եւ յարգանքի աւանդութեանց միջեւ: Առաւել, ահագին սիրահարներ (fan-ներ) կան Սուշիի, Մանկայիեւ ոգեւորուածութեան: Այս բոլորէն վեր, ճաբոնական մարտարուեստիª Քարաթէի, Ճուտոյի եւ Աքիտոյի հետեւող աւելի քան 10,000 մարդիկ կան Հայաստանի մէջ: Իմ լսածիս համաձայն, Հայաստանի երախաները ամենէն աւելի հետաքրքրող մարզաձեւերը ոչ թէ ֆութպոլը կամ պասքէթպոլն են, այլ ճաբոնական քարաթէն:Մէկ խօսքով, ճաբոնցի ժողովուրդը եւ հայ ժողովուրդը փոխադարձաբար լաւ պատկերացումներ ունին իրարու նկատմամբ:

Ի միջի այլոց, ոեւէ մէկը գիտէ՞, թէ քանի՞ հայեր կ՛ապրին Ճաբոնի մէջ: Պատասխանը՝ 60 է: Իսկ Հայաստանի մէջ ապրող ճաբոնցիներու թիւը՝ միայն 30: Ամէն տարի, Հայաստանէն միայն 300 հայեր կÿայցելեն Ճաբոն, եւ շուրջ 2,000 ճաբոնցիներ կ՛այցելեն Ճաբոնէն՝ Հայաստան: Ի հարկէ, ասիկա մեծ ցուցանիշ մը չէ:

Գալով տնտեսական յարաբերութիւններուն, առեւտրական փոխանակումները միայն 35 միլիոն ամերիկեան տոլար է կողմերուն միջեւ, իսկ ներդրումները՝ շատ քիչ:

Հակառակ այս անցանկալի պատկերներուն, ինչ որ պիտի ուզէի ըսել այսօր, այն է, որ ներկայ կապերը Ճաբոնի եւ Հայաստանի միջեւ բաւական լաւ են եւ կասկած չկայ, որ աւելի պիտի զարգանան ապագային:

Որպէս փայլուն ապացոյց, այս ուղղութեամբ ես պիտի ուզէի ներկայացնել ձեզի երեք վայրեր Հայաստանի մէջ, որոնք կը խորհրդանշեն Ճաբոն-Հայաստան լաւ յարաբերութիւնները:

Առաջին վայրը՝ Սաքուրա ծառերն են, որոնք Ազգային Ժողովի շէնքին առաջամասին գտնուող պարտէզին մէջ են: Այդ ծառերը տնկուած են երեք տարի առաջ՝ Հայաստան-Ճաբոն Խորհրդարանական Բարեկամութեան խմբակին եւ իմ բարեկամ, Հայաստանի մօտ Ճաբոնի նախկին դեսպան Հարատայի կողմէ:

Երկրորդ տեղը զոր կ՛ուզեմ ներկայացնել, Ջերմա-ելեկտրուժի կայարանն է: Սոյն ջերմակայանը կառուցուած է Ճաբոնի կողմէ կատարուած 250 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխատուութեան շնորհիւ: Այս ջերմակայանը ելեկտրականութիւն կ՛արտադրէ 2010-էն ի վեր, եւ ներկայիս կը մատակարարէ Հայաստանի ելեկտրականութեան 17%ը:

Գործակցութեան ուրիշ լաւ օրինակ են՝ Երեւան քաղաքին մէջ գործող 28 հրշէջ մեքենաները: Ասոնք շնորհաբաշխուած են ճաբոնական կառավարութեան կողմէ: Յաջորդ տարուան ամրան, 39 ուրիշ հրշէջ մեքենաներ պիտի հայթայթուին շրջանային գլխաւոր քաղաքներուն:

Վերջապէս, երրորդ տեղը զոր պիտի ուզէի յանձնարարել ձեզի՝ Սպիտակի «Երկրաշարժի Յիշատակի Այգին» է:
2012-ին, ի յիշատակ Արեւելեան Ճաբոնի մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժի զոհերուն կանգնեցուած «Խաչքար» յուշարձանը «Յիշատակի Այգի»ին մէջ, Սպիտակի քաղաքացիներուն նախաձեռնութիւնն էր, որոնք այցելեցին Ճաբոն:
Ես երբ տեսայ յուշարձանը, իսկապէս խորապէս ազդուեցայ ի տես հայ ժողովուրդի սրտէն բխող ջերմ զգացումներուն: Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը միակ երկիրն է աշխարհի մէջ ուր կանգնեցուած է յիշատակի կոթող, նուիրուած 2011-ի երկրաշարժի զոհերուն:

Իրականութեան մէջ, Դեկտեմբեր 7, 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի լուրը ցնցիչ եղաւ Ճաբոնի մէջ: Ճաբոնական կառավարութիւնը, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որոշեց շուտափոյթ օգնութեան ջոկատ առաքել:
Աւելին, 2011-ին, Արեւելեան Ճաբոնի Մեծ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստ մատուցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, մեծ թիւով հայ քաղաքացիներու ներկայութեան: Անոնք բարոյական մեծ օգնութիւն մատուցանեցին ճաբոնցի ժողովուրդին, զոր մենք մեծապէս կը գնահատենք:

Ես կը կարծեմ որ հայ ժողովուրդն ու ճաբոնցի ժողովուրդը կրնան իրար լաւ հասկնալ, որովհետեւ մենք երկրաշարժի միեւնոյն դժուարութիւնները կը դիմակայենք: Եւ մենք կը հաւատանք, որ երկուքով զգացուած այս փոխադարձ համակրանքը, վստահօրէն, միասնութեան զօրաւոր շղթայ մը կը ստեղծէ մեր երկու ազգերուն միջեւ:
Այո, ես վստահ եմ, որ Ճաբոնի եւ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ու աւելի զարգանան ապագային:

Քիչ առաջ ես նշեցի, որ զբօսաշրջիկային հոսքը երկու երկիրներուն միջեւ անբաւարար է: Այսուհանդերձ, անցեալ Սեպտեմբերին, մեր դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու 25-ամեակին առիթով, մեր զոյգ կառավարութիւնները նոր քայլեր առին՝ անցագրային (վիզայի) դրութիւնը ազատականացնելու համար: Արդիւնքը եղաւ շատ նշանակալից: Հայաստանի ճաբոնական դեսպանատան կողմէ շնորհուած անցագիրները զգալի կերպով աւելցան, անցեալ տարուան համեմատութեամբ երեք անգամով: Կը կարծեմ որ ճաբոնցի զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը Հայաստան, այս տարի նոյնպէս աւելցած են:

Ես նմանապէս նշեցի, թէ Ճաբոնի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադարձ ներդրումները անբաւարար են: Այսուհանդերձ, այս տարի երկու կառավարութիւնները ստորագրեցին փոխադարձ ներդրումներու պաշտպանութեան համաձայնագիր մը: Ասիկա առաջին ներդրումային համաձայնութիւնն է որ Ճաբոնը վարեց Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ, եւ կ՛ակնկալուի որ ասիկա պիտի սատարէ ապագայ ներդրումային ընդլայման: Ես վստահ եմ, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները սահուն կերպով պիտի աճին ապագային:
Տիկիններ եւ Պարոններ.
Երեք տարուան իմ կեցութիւնը Հայաստանի մէջ ինծի համար եղաւ սքանչելի եւ առանձնայատուկ: Ճաբոնը եւ Հայաստանը ունին համագործակցութեան մեծ կարողականութիւն (potential)՝ իւրաքանչիւր եւ բոլոր մարզերու մէջ:

Ես ուժգնօրէն կը հաւատամ, որ երկկողմանի ազատ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան եւ ես անձնապէս կ՛ուզեմ սատարել այդ նպատակի իրագործման ոչ միայն որպէս նախկին դեսպան, այլ նաեւ որպէս բարեկամ Հայաստանի:

Լաւագոյն մաղթանքներս ձեր բոլորին: Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment