Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Հայաստանի Նոր Իշխանութիւնները Իրենց Յայտարարութիւններով Լարուածութիւն կը Ստեղծեն». Ալիեւ

«Հայաստանի Նոր Իշխանութիւնները Իրենց Յայտարարութիւններով Լարուածութիւն կը Ստեղծեն». Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարեր է, թէ Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած նոր անձինք «չեն գիտակցիր իրենց պատասխանատուութիւնը, հանդէս կու գան յիմար յայտարարութիւններով, որոնք կը նպաստեն լարուածութեան աճին շփման գիծին, հայ-ատրպէյճանական սահմանին»:

Այդ մասին Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է Պիլեասուվարի՝ նախկին Փուշկինոյի շրջանի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ։

Ատրպէյճանի նախագահի այս յայտարարութիւնը կը հնչէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախօրէին Լեռնային Ղարաբաղ կատարած այցին ի պատասխան:

«Հայկական կողմը պատրաստ է խաղաղութեան, բանակցութիւնների, սակայն պատրաստ է նաեւ պատերազմի», – յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդգծելով, որ այդ չի նշանակէր, թէ հայկական կողմը պատերազմ կը ցանկայ:

Ալիեւի խօսքով՝ մինչդեռ առաջնագիծին լարուածութիւն կը ստեղծեն Հայաստանի նոր իշխանութիւնները, սակայն Ատրպէյճանի բանակն «արժանի պատասխան կու տայ»:

«Այսօր հայկական բանակը չի կրնար մրցիլ մեզ հետ: Հայաստանը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած է: 20 տարի Հայաստանը ղեկավարած յանցաւոր բռնապետութիւնը տապալեցաւ: Ես բազմիցս ըսեր եմ՝ Հայաստանը կը ղեկավարէին խումբ մը աւազակներ։ Սակայն, ցաւօք, նոր իշխանութիւնը չի գիտակցիր իր պատասխանատուութիւնը՝ եայտարարութիւններ ընելով եւ քայլեր ձեռնարկելով կը նպաստեն հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին լարուածութեան», – հայրենակիցներուն վստահեցուցած է Իլհամ Ալիեւը:

Ատրպէյճանի նախագահը կրկին պնդեր է, թէ ինչպէս 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, այնպէս ալ այս տարուան Մայիսին, ատրպէյճանական բանակն «արժանի հակահարուած տուած է թշնամիին»՝ ընդհուպ Նախիջեւանի ուղղութեամբ իր «վերահսկողութեան տակ վերցնելով հսկայական տարածքները», ինչն, ի դէպ, հայկական կողմը բազմիցս կտրականապէս հերքեր է:

Ալիեւի խօսքով՝ ատրպէյճանական բանակը «հակառակորդի նկատմամբ պատժիչ գործողութիւններ իրականացուցած է նաեւ քանի մը օր առաջ»։

«Մեր զինուորներն այնպիսի լաւ դաս տուած են, որ անոնք հազիւ թէ մօտ ժամանակներս ուշքի գան», – յայտարարեր է Ատրպէյճանի նախագահը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ ամրապնդել իր բանակը եւ աւելի խոշոր միջոցներ եատկացնել զինուած ուժերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment